Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ Հայաստան Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին Ատրպէյճանի դէմ հայց ներկայացուցած է:
«Ցեղային խտրականութեան վերացման կոմիտէի վարոյթի շրջագիծին մէջ, Հայաստան Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին Ատրպէյճանի դէմ հայց ներկայացուցած է` խնդրելով դատարանէն Ատրպէյճանը պարտաւորեցնել դադրեցնել Լաչինի միջանցքի շրջափակումը եւ միջանցքի երկայնքով ապահովել մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ ապրանքներու անարգել ազատ տեղաշարժը», գրած է Կիրակոսեան: