12 Դեկտեմբերին խումբ մը ատրպէյճանցիներ բնապահպանական պատրուակով Շուշիի տակ փակած են Արցախը Հայաստանին ու արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը։
9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն, ճանապարհը պէտք է վերահսկեն ռուս խաղաղապահները, բայց անոնք համապատասխան քայլերու չեն ձեռնարկած ճանապարհը բանալու համար։ Ատրպէյճանցիներ կը թոյլատրեն ռուս խաղաղապահներու մեքենաներուն երթեւեկութիւնը, իսկ մեկուսացած Ղարաբաղի մէջ մարդկային ճգնաժամը կը խորանայ։

Ատրպէյճանցիներ այսօր ևս թոյլատրած են Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրակազմի մեքենաներուն երթեւեկութիւնը Լաչինի ճանապարհէն։ APA գործակալությունը հաղորդած է, որ Ստեփանակերտէն դէպի Լաչին խաղաղապահ զօրակազմի 5 բեռնատար եւ մէկ մարդատար մեքենայ անցած են։