Քանի մը օր առաջ, երեւակայութեանս փոքրակերտ անջրպետանաւը զիս գիշեր մը տարաւ-հասցուց ապագայի չեմ գիտեր ո՞ր տարին, կանգ առաւ հայ պատմագիրի մը կտուրին: Առանց աղմուկ բարձրացնելու մտայ պատմագիրին սենեակը: Աղ-պղպեղ մազերով մարդ մըն էր. գրասեղանը եւ պատերուն դարանները բեռնաւորուած էին հատորներով, իսկ համակարգիչի պաստառին կ’երեւէր էջ մը. ինք, յայտնապէս աշխատելէ յոգնած՝ գացեր-ընկողմաներ էր կիսանկողին թիկնաթոռի մը վրայ եւ կը մրափէր:
Ես ինծի իրաւունք տուի նստելու համակարգիչին առջեւ, տեսնելու՝ թէ ի՞նչ էր գրածը: Էջերը արագ-արագ դէպի ետ սահեցուցի եւ հասայ առաջին էջին: Գրած էր. «Նորագոյն Պատմութիւն Հայոց»: Հետաքրքրութիւնս զիս մղեց արձանագրուած էջերուն մէջ արագ պտոյտ մը ընելու: Աշխատութիւնը բաղկացած էր գլուխներէ. առաջին էջերուն, իբրեւ ներածական՝ թռուցիկ ակնարկութիւններ կային մեր պատմութեան նախընթաց դարերու լուսաւոր ու անփառունակ փուլերուն, յետոյ, աւելի մանրամասնօրէն արձանագրած էր հայկական Զարթօնքի, յեղափոխական շարժումի, Ցեղասպանութեան, Հայաստանի անկախութեան հռչակման, յաջորդած՝ խորհրդային տարիներու եւ անկախութեան վերահաստատման տարիներուն պատմութիւնը: Աչքերս արագ թռիչքներով անցան այդ բոլորին վրայէն, քիչ թէ շատ ծանօթ նիւթեր էին: Զիս կը հետաքրքրէին այն էջերը, որոնք կը բովանդակէին 2022-ի եւ նախընթաց դէպքերը, որոնք նախերգանքն էին այն ժամանակաշրջանին, որուն մէջ կ’ապրէր այս պատմաբանը՝ իմ այցելութեան պահուն (սենեակին մէջ օրացոյց չկար, ընթերցումի մէջ կլանուելով՝ մոռցայ համակարգիչէն ստուգել, թէ ո՞ր տարին հասեր էի):
Բարեբախտաբար բաւական խիտ էր պատմագրութիւնը: Քանի մը ժամուան մէջ, ընթերցեցի գրածները, հասայ այն էջերուն, ուր արձանագրած էր մեր նորագոյն տասնամեակներուն մասին, որոնց կը յաջորդէին մեր վաղուան՝ տակաւին մեր չապրած դրուագները, որոնք արդէն անցեալ էին իրեն համար: Շատ տխուր եւ զարհուրելի բաներ գրած էր, անհորիզոն էջեր:
Չէի կրնար կրաւորական ընթերցող մը մնալ: Ջնջեցի գրածներէն մաս մը եւ աւելցուցի բոլորովին տարբեր բաներ, որոնց թելադրանքը կու գայ մեր հին ու նոր պատմութեան իրականութիւններէն: Յետոյ, դարձեալ անաղմուկ, վերադարձայ անջրպետանաւս եւ հասայ տուն:
Վստահ եմ, սիրելի՛ ընթերցող, հետաքրքրուած ես թէ ի՞նչ կարդացի ապագայի պատմագիրին համակարգիչին պաստառին վրայ եւ ի՞նչ փոխեցի: Ուրեմն, հակիրճ կերպով արձանագրեմ ինչ որ մնացած է յիշողութեանս մէջ, կարելի չափով օգտագործելով իր նախադասութիւնները:
* * *
ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄ. 20-րդ դարու վերջին տասնամեակներուն, աշխարհը ապրեցաւ փոթորկալի փուլ մը, որ աշխարհի տարբեր շրջանները վերածեց պատերազմի գօտիներու: Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ պահ մը ստեղծուած՝ ուժերու հաւասարակշռութիւնը խախտեցաւ, Արեւելքի թուլացումը առիթ տուաւ, որ Արեւմուտքը փորձէ տարածք եւ ազդեցութիւն շահիլ: Ստեղծուած փոթորկալի պայմանները շատ ալ նպաստաւոր չէին մեր հայրենիքին՝ Հայաստանի համար, սակայն կար քաղաքական, դիւանագիտական մարդոց, գիտնականներու եւ մտաւորականներու սերունդ մը, որ գտաւ մեր նաւը այդ փոթորիկներուն մէջէն քիչ թէ շատ յաջողութիւններով վարելու հնարքները: Կային հակասութիւններ, ընտրելի ուղիներու շուրջ վէճեր, սակայն հայութեան շահերուն նպաստող գիծը պարտադրեց ինքզինք: Արդիւնքը այն եղաւ, որ Արցախէն պարզուած անկախական դրօշը տարածուեցաւ դէպի Հայաստան եւ կլանեց Սփիւռքը: Արցախը ինքզինք անջատեց Ատրպէյճանէն, որուն մէջ անուանական ինքնավարութիւն մը ունէր շուրջ 65 տարի, յայտարարեց՝ թէ կ’ուզէ վերադառնալ եւ վերամիանալ մայր հայրենիքին: Յաջորդեց Հայաստանի վերանկախացումը՝ երբ փուլ եկաւ Խորհրդային Միութիւնը:
Արցախի եւ Հայաստանի վերանկախացումը երկինքէն ինկած խնձորներ չէին հայութեան համար: Անոնք կերտուեցան անհաւասար պայքարներով, հերոսական մարտերով, աներեւակայելի եւ անկարելի թուացող սխրանքներով: Ամէնէն սխրալի հերոսամարտերը մղուեցան Արցախի մէջ. ամբողջ հայութիւնը, բազուկները միացնելով եւ շրջանին մէջ ստեղծուած փոթորիկներէն տարածուող ալիքները կարելի չափով օգտագործելով, յաջողեցաւ պարտութեան մատնել գերակշիռ զինուժով օժտուած ազերիական բանակները, որոնք Շուշիի բարձունքներէն սկսեալ՝ վախկոտ նապաստակներու պէս փախուստ տուին քաջարի ազատամարտիկներուն գրոհներուն դիմաց: Ազատագրուեցան եւ իրողապէս Հայաստանի վերամիացան ո՛չ միայն Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ կոչուած շրջանը, այլ նաեւ անոր շուրջ տարածուող եւ դարեր շարունակ հայութեան պատկանած շրջաններ: Երեք-չորս տարուան մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան մօտաւորապէս 30 հազար քառ. քիլոմեթր տարածութիւնը (որ ժառանգ ստացուած էր անդրանիկ հանրապետութենէն եւ խորհրդային տարիներէն) հասաւ մօտաւորապէս 42 հազար քառ. քիլոմեթրի: Գրաւեալ Գետաշէնին եւ Շահումեանին ազատագրումը մնաց օրակարգի վրայ:
Հայութիւնը, աւելի քան երկու տասնամեակ, ու հակառակ Հայաստանի մէջ իշխողներուն իրական կամ վերագրեալ սայթաքումներուն, յաջողեցաւ վերանկախացած տարածքը պահել ու պաշտպանել անհուն զոհաբերութիւններով: Թշնամին չէր ուզեր կուլ տալ արդարութեան վերահաստատման քայլերը, որոնց պիտի յաջորդէին այլ քայլեր, պիտի բախէին Թուրքիոյ դռները, սակայն անոր բոլոր սադրանքները բախեցան հայութեան քար կամքին եւ դիմադրութեան: Հայութիւնը տուաւ բազմաթիւ զոհեր, արձանագրուեցան մեծ ու փոքր ճակատումներ, որոնցմէ ամէնէն յիշատակելին էր 2016-ի Ապրիլեան պատերազմը: Հայը դարձեալ յաղթանակով, անգին զոհերով եւ հողային փոքր կորուստով յաղթանակ պարտադրեց Ատրպէյճանին:
Այդ տասնամեակներուն, Սփիւռքը կրաւորական դիտող մը չէր: Ազատամարտերուն միացան բազմաթիւ երիտասարդներ, անոնցմէ ալ ինկան նահատակներ: Սփիւռքը նաեւ նիւթական մեծ օժանդակութիւններ հասցուց հայրենիքին: Անհատներու եւ տարբեր կազմակերպութեանց «մասնակի» ծրագիրներուն իրականացման զուգահեռ, համահայկական ջանքերով պատմական ծրագիրներ իրականացան Արցախի եւ Հայաստանի մէջ, Արցախը օժտուեցաւ մարտավարական նշանակութիւն ունեցող ճամբաներով, երկրագործութեան մարզը զարկ ստացաւ, շինարարութիւնն ու զբօսաշրջութիւնը՝ նմանապէս:
«ԹԱՒՇԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ». Արցախեան ազատամարտի եւ յաղթանակներու տարիները միայն փայլուն տողերով չարձանագրուեցան Հայաստանի մէջ: Հայաստան չկրցաւ խուսափիլ աշխարհը նորագոյն դարերուն հիւանդ պահող ախտերէն: Շահամոլութիւնը, իշխանութեան չարաշահումները, փտածութիւնը, առաջնահերթութեանց սխալ դիտարկումներն ու նման ախտեր պատճառ դարձան, որ ժողովուրդին մէջ ստեղծուի արդար դժգոհութիւններ: Քանի մը տասնեակ ընտանիք, նիւթական հզօրանքի միջոցով, դարձան իշխանաւոր կամ կանգնեցան կարգ մը իշխանաւորներու կողքին: Բարեկարգչական ճիգերը չհասան սպասուած արդիւնքներուն: Ստեղծուեցաւ վիճակ, որուն մէջ, իշխանութեան հակադրուողները ձեռք բերին պայքարի լծակներ, տարին քարոզչական համապատասխան արշաւներ, յաւակնեցան դառնալ դժգոհութեանց բարձրախօսները:
Նոյնքան կարեւոր անտեսում մը եղաւ հայութեան պատմական իրաւունքներուն մասնակի ամրագրումը: Արցախի հանրապետութեան ճանաչումը տեղի չունեցաւ՝ քաղաքական հաշիւներու եւ ճնշումներու բերումով, իսկ Թուրքիայէն հողային պահանջներու թղթածրարը դրուեցաւ յետին դարակի մը մէջ՝ նմանապէս արտաքին շահերու խաչաձեւման հետեւանքով: Մինչեւ իսկ ներքին՝ ներհայկական անդաստանին մէջ, այս դատը չստացաւ անհրաժեշտ ջրտուքը:
Եւ ինչպէս որեւէ երկրի մէջ, նոյնպէս ալ՝ Հայաստանի, իշխանաւորներու խոտորումներէն դժգոհներուն ետին երեւցան (կամ աննկատելի կերպով տարածուեցան) առաւելաբար արտաքին զօրակիցներ: Եւ ինչպէս որեւէ նման երկրի, նոյնպէս ալ Հայաստանի՝ այդ զօրակիցները գործի լծուեցան այնպիսի հաշիւներով եւ հորիզոններով, որոնք ի վերջոյ նպաստաւոր ջուրեր չբերին Հայաստանի գետին: Դժգոհները ի վերջոյ բոլորուեցան խմբակի մը շուրջ, որ 2018-ին հըռչակեց «Թաւշեայ յեղափոխութիւն» մը:
Տեղի ունեցաւ անարիւն իշխանափոխութիւն: Նոյն խմբակը տարիներ առաջ այլ փորձ մըն ալ կատարած էր, չէր յաջողած եւ պատճառ դարձած՝ արիւնահեղութեան. այս անգամ, իշխանափոխութիւնը յաջողեցաւ եւ անցաւ անարիւն: Ժողովուրդը հաւատաց նորեկներուն բարի խոստումներուն: Անոնք հրապարակ եկած էին բազմաթիւ յուսատու ծրագիրներով. կը խոստանային Արցախի հարցը վերջնականապէս լուծել ի նպաստ հայութեան՝ հաստատելով Արցախի ինքնորոշման եւ Ատրպէյճանէն անկախ մնալու իրաւունքը, յայտարարեցին, որ Արցախը Հայաստան է եւ վերջ:
Անոնք նաեւ կը խոստանային բանակը վերակազմել եւ արդիականացնել, օդային ու ցամաքային սահմանները կը հռչակէին անթափանցելի, ունէին ընկերային վիճակը հիմնական բարեշրջումի ենթարկող ծրագիրներ, տուին բնակչութեան թիւը միլիոններով աճեցնելու հաւաստիք: Նորեկները ընտրած էին նաեւ իրենց տեսակէտները ընդունելի դարձնող նշանախօսքեր: Օրինակ՝ կ’ըսէին, թէ իրենցմէ առաջ, Հայաստանի մէջ ամէն բան «ծուռ գացած է», նախկինները միայն կողոպտած էին երկիրն ու բանակը, չարաշահներ անարդար կերպով հարստութիւն կուտակած էին, ուրեմն, իրենց առաջին գործերէն մէկն ալ՝ չարաշահները հաշուետուութեան բերելը պիտի ըլլայ, պետութեան գանձանակը պիտի լեցուի, ժողովուրդին պիտի հանուի զայն բարօրութեան տանող բաժին: Իշխանութիւնը պիտի գործէ թափանցիկ կերպով, որեւէ քայլ պիտի չառնէ կամ համաձայնութիւն պիտի չգոյացնէ՝ առանց ժողովուրդին կարծիքը հարցնելու, որովհետեւ ինք ժողովուրդէն առած է իր ուժը, բացարձակապէս համարատու պիտի ըլլայ ժողովուրդին…:
Ո՞վ պիտի չուզէր հաւատալ եւ յուսալ, որ այս ու նման բարի խոստումներ շուտով իրականութիւն դառնային:
Յուսատու երկինքը տեւեց շատ կարճ, եւ ի յայտ եկաւ, որ տրուած խոստումները մեծ մասամբ ցնորածին են, մինչդեռ տեղի կ’ունենար ճիշդ հակառակը: Բացուեցաւ պատրանքներով առաջնորդելու փուլ մը: Ժողովուրդը չուզեց տեսնել եւ կարեւորութիւն տալ առաջին նախանշաններուն, որոնք ի յայտ եկան նորեկներու իշխանութեան առաջին իսկ ամիսներուն: Վարչապետը, որ ժողովրդավարութեան դրօշը բարձրացնելով՝ ապահոված էր կարգ մը ընդդիմադիրներու աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը, անոնց հետ կազմած էր համաձայնական կառավարութիւն, բացայայտօրէն յայտարարեց, թէ միայն «իր խօսքը պիտի քալէ», նկատի պիտի չունենայ դաշնակից-գործակիցներու ամէնէն խելամիտ ու առողջ առաջարկներն ու հակաճառութիւնները, որոնք զինք կը հրաւիրէին իրատեսութեան, օրինակի համար՝ ընկերային բարեկարգումի համար չորդեգրել այնպիսի քայլեր, որոնք տագնապները պիտի խորացնէին:
Նոյն ատեն, հրապարակ եկան իբրեւ թէ բարեկարգչական նոր ծրագիրներ, որոնց ճամբով, հայագիտութեան եւ հայուն պատմագիտութեան մարզերը հարուածներ ստացան, Եկեղեցւոյ պէս ազգային հաստատութիւններ ուղղակի եւ անուղղակի հալածանքի թիրախ դարձան հազար ու մէկ պատճառաբանութեամբ եւ արդարացման փորձերով, ազգային աւանդութիւնները, ինչպէս՝ ընտանիք հասկացութիւնը եւս նորարարներու արդիականամէտութեան թիրախ դարձաւ, արեւմտեան ախտավարակ բարքերու ներմուծում տեղի ունեցաւ աշխարհին հետ քայլ պահելու խորագիրներուն տակ, պաշտպանական կալուածը եւս սպասուած բարեփոխութիւններն ու ամրացումները չտեսաւ: Քայլ առ քայլ՝ երկիրը գնաց դէպի իրողական մենատիրութիւն:
Ժողովուրդին մէջ սերմանուեցաւ բաժանուածութիւն եւ առատ ջուր ստացաւ իշխանաւորներու քարոզչութեան շնորհիւ, նախկին վիհերը արագօրէն խորացան, դարձան անկամրջելի: Տնտեսութիւնը նահանջներ արձանագրեց նա՛եւ աշխարհը կլանած համաճարակին հետեւանքով, սակայն անկէ անկախ ալ, պետական պարտքը, նուազելու փոխարէն, դէպի վեր ոստումներ արձանագրեց, պետութեան գանձանակը մսխումներ արձանագրեց, մսխուեցաւ նաեւ Հայաստան Հիմնադրամին հանգանակած հսկայական գումարներուն մէկ մասը: Երկրագործութեան մարզը, ողնասիւնի այլ ոսկորներու նման, թուլացում կրեց չհասկցողներու մրցակցութեան հետեւանքով, իսկ պետական համալսարանը խաղալիք դարձաւ տարբեր մեքենայութիւններու: Քանի մը տարին բաւարար եղաւ տեսնելու, որ նախկին չարաշահներն ու դիրք օգտագործողները, «թալանչի» կոչուածներուն պարագլուխները ո՛չ թէ հաշիւի բերուած են, այլ դարձած են նորերուն գործակիցները, յենարաններն ու թշնամիին հետ շահու ծրագիրներ հետապնդողները, իսկ «յեղափոխականները» փտածութեան տուած են նոր անուն՝ պարգեւավճարներ, երբ անդին, ժողովուրդին մէջ աղքատներու համեմատութիւնը նոր ոստումներ կ’արձանագրէր:
Գործակիցները երկար չէին կրնար սպասել նման խոտորումներու «պտուղները» տեսնելու համար, եւ շուտով իշխանաւորներուն հետ գործակցութեան վերջ տուին, իրենց դէմ գտնելով անոնց սնամէջ քննադատութիւնները, իսկ ժողովուրդը մեծ մասամբ շարունակեց հմայուած մնալ բարեփոխութեան հաւաստիքներով, աչքերը փակ պահեց բացասական զարգացումներուն դիմաց: Ստեղծուեցաւ եւ արագօրէն խորացուեցաւ ժողովուրդի բաժանուածութիւնը, որ շատ ցոլացումն էր թշմանիին «բաժնէ եւ տիրէ» սեւեռակէտին: Ուսեալ տգէտներու աշխարհակուլ ալիքը համակեց նաեւ Հայաստանը:
Հազիւ երկու տարի անց, Հայաստանի շրջակայ գօտիին մէջ աւելի շեշտակի դարձան նոր փոթորիկներու նշանները: Քիչ մը անդին, Սուրիոյ, Իրաքի, աւելի մօտիկ Իրանի եւ միջին արեւելեան այլ գօտիներու մէջ ստեղծուած արիւնալի տագնապները շատ բան չըսին Հայաստանին ու նոր իշխանաւորներուն, որոնք նոր բարեկամներէն հասնող այս կամ այն ալիքին վրայ նաւարկելով՝ սկսան Հայաստանի նաւուն ուղղութեան մէջ փոփոխութիւններ փորձել, վնասելով արդէն իսկ ձեռքին ունեցած բարեկամութիւններու: Անոնք անտեսեցին «ձեռքիդ եղող մէկ թռչունը ծառին վրայի տասը թռչունէն նախընտրելի է» առածին իմաստը եւ որդեգրեցին «դժոխքի ճամբան բարի դիտաւորութիւններով կը յարդարուի» սկզբունքը:
Եւ օր մըն ալ, 2020-ի աշնան, փոթորիկը հարուածեց Արցախը եւ հայութեան պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ 44-օրեայ պատերազմ խորագիրին տակ: Ատրպէյճան, վայելելով Թուրքիոյ աջակցութիւնը, եւ մինչեւ իսկ ծայրայեղական ահաբեկիչներ դաշտ նետելով, ահաւոր վնասներու ենթարկեց Հայաստանն ու հայութիւնը, որ Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան ափեր, շունչը բռնած՝ սպասեց, որ «յաղթելու ենք» հաւաստիքը շուտով իրականանայ: Յետոյ, օր մըն ալ արթնցաւ (չարթնցողներ ալ եղան), որ հայկական կողմին բաժին հանուած է ահաւոր պարտութիւն մը, աննախընթաց՝ վերջին 100 տարիներուն: Ո՛չ ցամաքային, ոչ ալ օդային պաշտպանութիւնը գործ տեսած էին, մինչդեռ իշխանաւորները պատերազմի նախօրեակին յոխորտացած էին, որ անպարտելի ենք, շրջանի ամէնէն ուժեղ բանակն ու միջոցները ունինք: Հետեւանքը՝ Արցախի մեծ մասը բռնագրաւուեցաւ, ինկան բազմահազար զոհեր, աւեր տարածուեցաւ արցախեան շէներուն: Շատեր արձանագրեցին, որ պատճառներէն մէկն ալ՝ կարգ մը բարեկամներէ հեռու կանգնելու փորձերն էին:
Հայաստանի իշխանութիւնը ո՛չ միայն դրժեց «ժողովուրդէն գաղտնի բան պիտի չընեմ»-ի խոստումը՝ գաղտնօրէն ստորագրելով 9 Նոյեմբերի անընդունելի համաձայնութիւնը, այլ նաեւ բանաւոր խոստումներով հանգրուան առ հանգրուան թշնամիին նուիրեց անոր կողմէ չգրաւուած հողամասեր, ժողովուրդին մէջ տարածելով «Արցախը բեռ է, զայն Ատրպէյճանի տանք եւ հանգիստ, խաղաղ ապրինք» ստապատիր «գաղափարաբանութիւնը»: Ինչպէս «գաղտնի ոչինչ պիտի ընենք»-ը, նոյնպէս ալ «Արցախը Հայաստան է ու վերջ» յայտարարութիւնը նետուեցան մոռացութեան տոպրակին մէջ, սկսաւ տարածուիլ «Արցախը Ատրպէյճանի տարածք է, հոն կրնայ ապագայ ունենալ, ժողովուրդին մարդկային իրաւունքները պէտք է ապահովենք» ու նման ցնդաբանութիւններ: Բացայայտ դարձաւ, որ Արցախն ու Հայաստանը սկսած են տարբեր լեզուներ խօսիլ, երկփեղկումները նոր խորք ստացան:
«Թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ն ու անոր կերտիչները շարունակեցին նոյն խօլ վազքը: Արցախեան տարածքներէն ետք, Հայաստանէն պատառիկներ քայլ առ քայլ գրաւուեցան թշնամիին կողմէ. «խաղաղութիւն պիտի բերենք»-ը բացաւ նոր պատերազմներու եւ օր-աւուր զինարձակումներու փուլ մը. իշխանութիւնը ո՛չ միայն կրաւորական դիրք բռնեց հայրենիքէն նոր տարածքներու խլման դիմաց, հազար ու մէկ ինքնարդարացում (որոնք խորքին մէջ ինքնադատապարտում էին) հրապարակ նետելով, այլ պարբերաբար հրապարակ եկաւ թշնամիին անհիմն տեսակէտներուն ջաղացքին ջուր բերելով:
Անվիճելիօրէն Հայաստանին պատկանած-պատկանող շրջաններ սկսան կոչուիլ թրքատիպ անուններով, մինչեւ իսկ անկարկութիւններ եղան, որ թուրք-ազերիին հանդէպ հայութի՛ւնը եղած է անարդար, պատմական հակադրութեան մէջ յանցանքի իր բաժինը ունի, ուրեմն, պէտք է զիջումներով, «հայելային ետ քաշուիլ»-ներով (բոլորն ալ ի հեճուկս հայկական հողերու) եւ նման՝ բարի տրամադրութիւններ ցուցաբերելով, պէտք է սիրաշահիլ թուրք ազերին, որ չէր ծածկեր համաթուրանական իր ծրագիրները, զայն նորակերտ եաթաղաններով գործադրութեան դրած էր: Երեւանի իշխանաւորները օր մըն ալ հասկցան, որ ընդդիմադիրները իրաւացի էին, երբ կ’ըսէին, թէ թշնամին նոր-ցեղասպանական դիտաւորութիւններ ունի…:
Եւ սակայն, «Խաղաղութեան դարաշրջան պիտի բանանք, սահմանագծում պիտի ընենք, ճամբաներ ու հաղորդակցութեան միջոցներ պիտի վերաբանանք, առեւտուր պիտի զարգացնենք ու անծայրածիր ներդրումներ պիտի ապահովենք» խոստումներով, Հայաստանի իշխանութիւնները շարունակեցին երգել այն երեւակայական յանկերգները, որոնք կը յիշեցնէին «յաղթելու ենք»-ները:
Իշխանաւորներուն ստապատիր եւ անհեռատես վարմունքին դիմաց, որ կ’ընդգրկէր նաեւ բնական դաշնակիցներու անտեսումը, անոնց հանդէպ ցուրտ ու կրաւորական, երբեմն նաեւ թշնամական վերաբերմունքը, բաւական կանուխէն ծնունդ տուաւ ընդդիմադիր շարժումի մը, որ ալիք-ալիք տարածուեցաւ խորհրդարանէն դէպի արտախորհրդարան եւ հրապարակներ, համակեց Սփիւռքը: Ընդդիմադիրները գիտէին, եւ փորձեցին ժողովուրդն ալ համոզել, որ հայրենիքը ահաւոր վտանգի տակ է, իշխանութիւնը մինչեւ իսկ եթէ բարի խոստումներով հմայած է հետեւորդները, փաստերը ցոյց տուած են, որ անկարող է, ատակ չէ դրական շարժում ստեղծելու, պատանդն է թշնամիին ու իր սնանկ քաղաքականութեան, հետեւաբար՝ պէտք է արթննայ պատրանքներէն, միացնէ բազուկները, եթէ չի հաւնիր հրապարակին վրայ գործող ընդդիմադրութիւնը՝ ստեղծէ ի՛ր փրկարար բազուկը, եւ ընդդիմադիրները պատրաստ են քալելու ժողովուրդին հետ, անոր կամքին համաձայն:
ԱՆԵՐԵՒԱԿԱՅԵԼԻՆ. Այս բոլորին դիմաց, ի տես եւ իր լուր երկիրն ու հայրենիքը անկումէ անկում տանող զարգացումներուն, ժողովուրդին որոշ մէկ հատուածը նախընտրեց մնալ կոյր ու խուլ, չուզեց տեսնել նոյնինքն Հայաստանին հասած հարուածներն ու արձանագրուած կորուստները, անտեսեց սահմանի ամբողջ երկայնքը իր հակակշիռին տակ առնելու ազերիական «սխրանքները», չուզեց լսել «խաղաղ միջոցներով թէ պատերազմով պիտի խլենք Սիւնիքը, պիտի հասնինք Սեւան ու Երեւան, պիտի գրաւենք հայութեան մնալիք շուկաներն ու պիտի կլանենք անոր կեանքը, ինչպէս Արցախի ու Նախիջեւանի, նախապէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի, նոյնպէս ալ Հայաստանի մնացեալ հողերէն պիտի ջնջենք հայկական ժառանգութիւններն ու հետքերը» թուրանական սպառնալիքները, ու շարունակեց հաւատք ընծայել՝ թէ տարիներ առաջ իշխանութենէն հեռացուածներն են պատուհասներուն եւ կորուստներուն ամբողջ պատասխանատուն:
Այս ապաքաղաքական, իրաւունքէ հրաժարելու եւ իշխանութեան ճամբով՝ օտարներու ծրագիրներու սեղանին իբրեւ գլխաւոր զոհ-համադամ մնալու աներեւակայելի ու բացատրութիւն չունեցող կեցուածքը բազում արտայայտութիւններ գտաւ: Կորստաբեր իշխանաւորները վերստին ընտրուեցան, շուտով նոր գաղտնի համաձայնութիւններ գոյացուցին թշնամիներուն հետ, անտեսելով ժողովո՛ւրդն ալ, ընդդիմադիրնե՛րն ալ, հայութեան կա՛մքն ալ:
Իշխանաւորներուն եւ անոնց մունետիկներուն ստապատիր եւ նոր կորուստներու տանող քարոզչութեան ու վարմունքին դիմաց, ժողովուրդին մէջ սկսաւ տարածում գտնել «իշխանութիւնը ամէն բան գիտէ, լաւ կ’ընէ», «մենք քաղաքականութենէն չենք հասկնար, քաղաքականութեամբ չենք հետաքրքրուած», «Ամանորի նախօրեակին, հրապարակ լուսաւորելը լաւ բան է» եւ ինքնադրժումի նման սնոտիք: Մարդիկ անտարբեր մնացին մինչեւ իսկ նահատակներու նկատմամբ այլանդակ կրաւորականութիւն որդեգրած կամ անոնց ծնողներուն դէմ դաժան անկրաւորականութիւն կիրարկող իշխանաւորներու ընթացքին դիմաց: Այս զանգուածներուն մտային կուրութիւնն ու յանցակից անտարբերութիւնը դարձան իշխանաւորներու կորստաբեր ընթացքին լծակից:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ. Ի վերջոյ, այս վիճակը քիլոմեթր առ քիլոմեթր կորստեան մատնեց Հայաստանը, քանի մը տարուան մէջ իրականացաւ համաթուրանական դարաւոր ծրագիրը: Արաքս գետին վրայով, Նախիջեւան-Թուրքիա սահմանին 90-ականներուն կառուցուած «Յոյսի կամուրջը» լինելութեան հասաւ Թուրքիա-Ատրպէյճան միացումով: Հայութեան կրաւորականութենէն, ինքնալքումէն ու հայրենալքումէն առաւել կամ նուազ չափով օգտուեցան թշնամի, դաշնակից ու բարեկամ, մինչեւ իսկ Ցեղասպանութիւն ճանչցողներ ու Արցախի դատին զօրակիցներ, որոնք հազար ու մէկ բարի տրամադրութիւն արտայայտած էին… խօսքով, սակայն գործի չանցան: Եւ անոնք պատրուակ ունէին, տեսնելով,  որ Հայաստանի իշխանութիւնները զիջումէ զիջում կ’երթան թշնամիին դիմաց, կը ցանկան, որ իրենք հանգիստ դիտող մնան եւ բարեկամն ու դաշնակիցը գան, պաշտպանեն ու ազատագրեն մեր հողերը, վերահաստատեն մեր իրաւունքները:
Յստակ դարձաւ, որ Հայաստան մատնուած է Կարսի ու Մոսկուայի դաշնագիրներուն ժամանակներէն աւելի՛ վատ վիճակի, որովհետեւ եթէ այդ դաշնագրերը իրենց տակ չունէին հայկական պետական ստորագրութիւն, 9 Նոյեմբերի եւ հետեւող շարք մը համաձայնագրեր, նաեւ բերանացի խոստումներ Հայաստանի կորուստին տակ պաշտօնապէս դրին Հայաստանի պետութեան ներկայացուցիչներուն ստորագրութիւնը: Իսկ աշխարհը չ’ընդունիր այն, որ «ընտրեալ իշխանաւորները» չեն կրնար ըլլալ ժողովուրդի կամքին, իրաւունքներուն եւ պահանջներուն ներկայացուցիչները, մանաւանդ, որ շատերու գործին ա՛յդ կու գայ: Կրաւորականութեան եւ ինքնալքումի ալիքը համակեց Սփիւռքը, որ վարակուեցաւ պառակտումի, ինքնախաբէութեան եւ հայրենալքումի ախտերով, վերանկախացման յաջորդած տասնամեակներուն իր մեկնած ձեռքերը կամացո՜ւկ մը ծալլեց-մէկ կողմ քաշուեցաւ:
Այլ խօսքով, բարի նպատակներով եւ խոստումներով հրապարակ եկած «Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» դարձաւ Հայաստանի տապանաքարին վրայ վերջին խաչը քանդակողը, իսկ խաչին կեդրոնը երեւցան թրքական մահիկն ու եըլտըզը…:
Էջերուն յաջորդած են հազար ու մէկ մեկնաբանութիւն, պատճառաբանութիւն ու բացատրութիւն, թէ՝ Հայաստանը պատմութեան անցընող հայանունները զոհն էին նախկիններուն, զոհն էին ազգամիջեան-շրջանային ահաւոր մրցակցութիւններու, կամակատարն էին կամ չէին թշնամիին, դաւաճան էին կամ չէին, անփորձ էին կամ անատակ: Տակաւին՝ ժողովուրդը թմբիրի մէջ էր, ժողովուրդը խաբուեցաւ ու շարունակեց հաւատալ, ընդդիմադիրներն են յանցաւորը, որովհետեւ չկրցան համոզել ժողովուրդը, իրականութեան ամբողջական ու դաժան պատկերը ցուցադրել անոր աչքերուն, իսկ հաւատացողներն ու հայրենապաշտպանները մատնուեցան անզօրութեան, ու ամէնէն կարեւորը՝ չնախընտրեցին արիւնալի յեղաշրջումի դիմել:
…Պատմագիրը շարունակեր էր արձանագրել յաջորդ տարիներու պատմութիւնը, թէ՝ ինչե՞ր պատահած են Հայաստանի ու հայութեան կեանքին մէջ, ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿՈՒՄԷՆ ու քարտէզէն Հայաստանի վերնալէն ետք: Էջերը այնքա՜ն կը յիշեցնէին Գուսան Սեդրաքի ծանօթ երգին բառերը.
«Երբոր կործանուեց չքնաղ մեր Անին,
Ենթարկուեցինք մենք օտարի լծին:
… Թուրքին էր մնացել հայոց արօտը:
Դժուար է, դժուար…
Որ հայը մնայ օտարի լծի տակ:
Արմենիան հող ա, երկիրը ծով ա,
Սասուն, Մուշն ու Վանը հայկական հող ա»:
* * *
Վստա՛հ եմ, սիրելի՛ ընթերցող, չես մոռցած սկիզբի տողերուն գրածս եւ կռահեցիր, թէ պատմագիրին գրածներէն ո՞ր բաժինները ջնջեցի, անոնց տեղը ի՞նչ արձանագրեցի: Վստահ եմ նաեւ, որ դո՛ւն ալ նոյնը պիտի ընէիր:
Ջնջեցի ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ խորագրեալ բաժինը, արձանագրեցի հետեւեալը.
«Հայ ժողովուրդը, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին, չմնաց ընթարմացնող եւ հայրենիքը կորստեան տանող թմբիրին մէջ: Հայը արթնցաւ ամէն տեղ, եւ ինչպէս որ Աւարայրէն ջանք ըրած եւ Սարդարապատի մէջ պահ մը կանգ առած հերոսները մեր պատմութեան ղեկը անշեղ պահած էին իրենց անհուն զոհաբերութիւններով եւ սխրանքներով, յաղթական դուրս եկած էին անհաւասար կռիւներէ, նոյնպէս ալ նոր սերունդները արձագանգ եղան Աւարայրէն, Սարդարապատէն ու բազում հերոսամարտերէն, ապա նաեւ Արցախեան ազատամարտերէն հնչած ահազանգերուն, պատռեցին խոստմնադրուժ եւ կեղծ «յեղափոխականներուն», նոր Փանջունիներուն դիմակները, վերականգնեցին մեր արդարատենջ պայքարը, նոր ժամանակներէն հասնող նոր ալիքները, նոր ուժերու ստեղծած հզօրանքները  վերածեցին զինուորական, դիւանագիտական ու քաղաքական հզօրանքի, զանոնք վառելանիւթի վերածեցին ի սպաս Հայաստանի ամբողջական անկախութեան, ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը վերականգնելու պայքարին»:
Աւարտին՝ Գուսան Սեդրաքի երգի տողերուն վրայ աւելցուցի.
«Շուշին ու Հադրութը հայկական հող ա,
Քարվաճառն ու Բերձորը հայկական ա,
Գետաշէն-Շահումեանը, Նախիջեւանը,
Արարատն ու Կիլիկիան հայկական ա»:
Աղբիւր՝ «Գանձասար Բացառիկ-2023»
Ս. Մահսերէճեան