Կը կարդամ. «Ո՜վ հայրեր, ո՜վ պապեր, այս գաւաթը խմում եմ, բայց առանց նուիրելու ձեր ոսկորներին: Եթէ դուք այս վանքերի տեղ, որոնցմով լիքն է մեր երկիրը, բերդեր շինէիք,- եթէ դուք սուրբ խաչերի եւ անօթների փոխարէն, որ սպառեցրին ձեր հարստութիւնը, զէնքեր գնէիք,- եթէ դուք այն անուշահոտութեանց տեղ, որ խնկւում են մեր տաճարներում, վառօդ ծխէիք, այժմ մեր երկիրը  բախտաւոր կը լինէր: Այլեւս քիւրտերը մեր երկիրը չէին քանդի,- մեր որդիքը չէին կոտորի եւ մեր կանայքը չէին յափշտակի… Այս վանքերից ծագեց մեր երկրի կործանումը, նրանք խլեցին մեր սիրտն ու քաջութիւնը. նրանք ձգեցին մեզ ստրկութեան մէջ, սկսած այն օրից, երբ Տրդատը թողեց իր սուրը եւ թագը, առաւ խաչը  եւ մտաւ Մանիայ այրը ճգնելու համար…»
Րաֆֆին է «Ջալալէդդին» վէպին մէջ. կրակոտ, խի՛ստ քննադատութիւն, տողատակ պատգամ զգաստութեան, որ ամենայն անկեղծութեամբ փոխանցած է սերունդներուն: Սակայն բան մը փոխուա՞ծ է: 145 տարի անցած է այս կոչին վրայէն, ու բան չէ փոխուած: Հաւանաբար Րաֆֆիէն առաջ ու իրմէ ետք ալ շատեր խօսած, բարձրաձայնած ու քննադատած են հայերը, որոնք նախընտրած են հաւատքը, քան երկրի պաշտպանութիւնը, ու բերդերու փոխարէն եկեղեցիներ կառուցած, բայց հայը մնացած է անդրդուելի: Անոր գերազանց հաւատքը տրամաբանութիւն չէ ճանչցած, ընդհակառակը. հաւա՛տքը եղած է իր տրամաբանութիւնը, նոյնիսկ անընդհատ ասպատակուելով, կոտորուելով, տեղահանուելով ու բռնաբարուելով:
Եթէ եկեղեցիներուն տեղ բերդեր կառուցէինք,  զէնքեր գնէինք, վառօդ ծխէինք… կը յաղթէի՞նք: Ես կը կարծեմ, որ այս քըննադատութիւնը եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի հասցէին, քիչ մը շատ ծանր է, այրած սիրտէ կու գայ,  իր ժամանակշրջանի ազգային-քաղաքական իրավիճակէն դրդուած:  Սակայն ինչո՞ւ մեր պարտութիւններուն պատճառը, մեր տկարութեան ու անկարողութեան յանցանքը եկեղեցւոյ եւ եկեղեցասիրութեան վրայ բարդած ենք: Թերեւս հակառակն է ճիշդը, որ հաւատքն ու եկեղեցին  խթան հանդիսացած են բանակին ու ժողովուրդին, հայրենիքի պաշտպանութեան սիրոյն անվախօրէն թշնամիին դէմ կենալու, առանց երկմտելու, մահուան գուպարին մէջ նետուելու:
Անին բազմաթիւ եկեղեցիներ ունեցած է, այնքան շատ, որ «1001 եկեղեցիներու քաղաք» անուանած են զայն: Չեմ գիտեր թէ իրականութեան մէջ քանի եկեղեցի ունեցած է Անին, սակայն թիւը մեծ եղած է հաւանաբար, քանի Աշոտ Բագրատունի թագաւորի ժամանակ Անի քաղաքը, որպէս Հայաստանի ոստան, շրջան մը 100.000 բնակչութիւն ունեցած է: Բայց ո՞վ կառուցած է այդ եկեղեցիները, իշխանութի՞ւնը, թէ ժողովուրդը:
Բերդեր, զինանոցներ, զէնք ու զրահ պատրաստելը օրուան իշխանութեան պարտականութիւնն է, թագաւոր, իշխան, նախարար, կամ կուսակալ իրենք իրենց հովանաւորութեան տակ գտնուող տարածքն ու բնակչութիւնը պաշտպանելու համար կ’ընեն այդ, որուն անուղղակիօրէն կը մասնակցի նաեւ ժողովուրդը պարտադիր հարկերու ճամբով: Եկեղեցիները ընդհանրապէս ժողովուրդը կը կառուցէ, հաւանաբար հարուստ անձի մը մեկենասութեամբ եւ իր անունով ալ կը կոչուի եկեղեցին:
Անշուշտ անտեղի կերպով դրամ մսխելը նոր եկեղեցիներ կառուցելու, երբ մեր ունեցածները բաւարար են, դատապարտելի է: Պատմական եւ ճարտարապետական արժէք ներկայացնող քանդուած եկեղեցի մը նորոգելը երբեք անտեղի մսխում չէ, երբ զէնքին յատկացուելիք գումարին հաշուոյն չըլլար այդ:
Այսօր Երեւանի մէջ ընդամէնը 22 գործող եկեղեցի կայ, Կիւմրիի մէջ՝ 12: Ըսել ուզածս այն է, որ անդադար քննադատելը ճիշդ չէ: Ուրիշ ազգեր մեզմէ նուա՞զ կրօնական կեդրոններ ու աղօթարաններ կառուցած են, ո՛չ, անոնք ալ իրենց հաւատքի կեդրոնները ունեցած են եւ այդ կեդրոններէն հնչած ոգեշունչ քարոզներով ու կոչերով բանակներ շարժած են: Օրինակ,  իսլամական մեծագոյն քաղաքներէն՝ Գահիրէի մէջ 1000 մզկիթ կայ, Իսթանպուլի մէջ՝ 3000… Այդ երկիրները քննադատուա՞ծ են այդքան մեծ թիւով մզկիթներ կառուցած ըլլալնուն համար:
Ուրիշ բան մը՝ եթէ մեր եկեղեցիները չըլլային, ո՛չ գիրերու գիւտ կ’ըլլար, ո՛չ թարգմանչական աշխատանք, ո՛չ իւրօրինակ եկեղեցական ճարտարապետութիւն, ո՛չ խաչքար, ո՛չ հոգեհմայ երաժշտութեամբ շարականներ կ’ունենայինք, ոչ ալ մանրանկարուած ու գեղազարդուած ձեռագիր մատեաններ:
Մեր ամբողջ մշակոյթը եկեղեցիներու մէջ ու շուրջը ստեղծուած է եկեղեցականներու կամ հաւատացեալներուն կողմէ: Ես իտէալական հաւատացեալ մը չեմ, սակայն ամենայն գիտակցութեամբ Հայ եկեղեցիին պաշտպանն եմ:
Աղբիւր՝ «Գանձասար Բացառիկ-2023»
Յակոբ Միքայէլեան