Թուրքիոյ նախագահի ներկայացուցիչ Իպրահիմ Քալըն յայտարարած է, թէ Թուրքիա կ’ակնկալէ, որ ԱՄՆ եւ Ռուսիա կատարեն Սուրիոյ հետ սահմանին անվտանգութեան ապահովման առնչուող իրենց պարտաւորութիւնները:
«Մենք կը հաստատենք մեր սպասումները՝ 2019-ի համաձայնագիրով ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ պարտաւորութիւններուն գծով եւ կ’ակնկալենք, որ վերոնշեալ պետութիւնները մաքրեն մեր սահմանները ահաբեկչութենէն: Մեր ազգային անվտանգութեան սպառնացող ահաբեկչական տարրերու դէմ պայքարը վճռականօրէն կը շարունակուի այնքան ատեն, որ մեր երկիրն ու սահմանային շրջանը լիովին անվտանգ չէ դարձած», ըսած է Քալըն:
Մեկնաբանելով Անգարայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները՝ Քալըն դիտել տուած է, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու նկատմամբ ԱՄՆ-ի վերաբերմունքը կը շարունակէ ազդել երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն վրայ:
«Մենք կ’ակնկալենք, որ ԱՄՆ կը գործէ դաշինքի ոգիին համապատասխան եւ լրջօրէն կը վերաբերի Թուրքիոյ անվտանգութեան խնդիրներուն», ըսած է ան: