«Ակունք»- Քաղաքագէտ Էտկար Էլբակեան ըսած է, որ Ատրպէյճան կ’ուզէ հասնիլ Շուշիի մէջ թուրք խաղաղապահներու տեղակայման, սակայն այդ «կարմիր գիծ» է Ռուսիոյ համար։
«Ռուսիա քանի մը անգամ բարձր մակարդակով նաեւ յայտարարած է, որ դէմ է Հայաստանի տարածքով արտատարածքային միջանցքին», աւելցուցած է ան։
Անոր համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահները այժմ շրջափակուած են 50 հազարնոց ատրպէյճանական զօրքով, եւ շատ բան կախեալ է ուքրանական ճակատէն:
«Ատրպէյճանի մէջ Ռուբէն Վարդանեանը կը համարեն Արցախի ենթակայութիւնը բարձրացնելու Ռուսիոյ ծրագիր։ Աւելին. Պաքուն դէմ է, որ կարգավիճակի հարցը յետաձգուի։ Իսկ ահա Հայաստանի իշխանութիւնները այս հարցէն հրաժարած են՝ Պրահայում թուղթի վրայ յանձնելով Արցախը», աւելցուցած է Էլբակեան։