Լսեցինք, չուզեցինք հաւատալ: Վկան՝ լուսանկարը տեսանք, հիասթափեցանք:
Թերթը ոտնակո՞խ…, այդ ալ միութենակա՞ն ձեռնարկի մը ընթացքին:
Անփոյթ վերաբերմունքի արդիւնք է, մտածեցինք, որովհետեւ չէինք ուզեր հաւատալ, որ մանուկներու, պատանիներու դաստիարակութեան հետ գործ ունեցող պատասխանատուներ այսպիսի դաստիարակութիւն կը ջամբեն:
Պատանիին ինչ բանի որ վարժեցնես, այդ կ’իւրացնէ ֆիզիքապէս եւ ենթագիտակցաբար:
Այսպէս՝ միութեան մը ընկերային մէկ ձեռնարկին, պատանիները խաղի կը հրաւիրուին: Խաղին բնոյթը զոյգերուն թուղթի վրայ պարելն է, առանց թուղթի շրջանակէն դուրս գալու: Մինչեւ հոս ոչ մէկ հարց, բայց ի զարմանս բոլորին, մեր գիտակից միութենականները, առանց խիպ ու ամօթի, պատանիներուն ոտքին տակ կը տեղադրեն միութեան շաբաթական հերթականութեամբ ուղարկուող «Գանձասար» շաբաթաթերթին էջերը: Ու պատանիները կոխկռտելով թերթի էջերուն վրայ կը պարեն:
Կրնա՞ք երեւակայել, թէ պատանիին ենթագիտակցութեան մէջ հայատառ թերթը ինչպիսի՞ արժէք կրնայ ունենալ նման արարքներու հետեւանքով:
Պոլսահայ վաստակաւոր խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան հայատառ թերթը հանապազօրեայ հացի նմանցուցած ու գրած է.
«Հացը սուրբ է: Ամէն առտու մարդոց նախաճաշի սեղանը կ’օրհնուի հացով: Փռապանը գիշերուան ո՞ր ժամուն աշխատիլ կը սկսի, որպէսզի առտուան ամենականուխ ժամերուն իր փուռէն դուրս կարենայ հանել հրաշալի բուրմունքով իր հացը:
Բայց կ’երեւի, թէ հացին չափ կարեւոր ու կենսական է նաեւ թերթը: Խմբագիրն ու հրատարակիչը գիշերը որքա՞ն ու ի՞նչ ծանր աշխատանք կը տանին, որպէսզի անոնք ալ առտուան ամենականուխ ժամերէն սկսեալ իրենց թերթը դնեն կրպակներու առջեւ օրուան թերթը փնտռող դռնապաններուն ու ընթերցողներուն տրամադրութեան տակ:
Կը մտածեմ այս տեսարանին դիմաց: Որքա՛ն լաւ է, որ հացն ու թերթը դրուած են հաւասար մակարդակներու վրայ, որքան լաւ է, որ աշխարհի ամէնէն ծոյլ մարդուն համար իսկ օրը կը սկսի հացով ու թերթով հաւասարապէս: Թերթին համար ի՜նչ հպարտութիւն է, որ դարձած է հացին համազօր արժէք:
Ես խմբագիր եմ ու ամէն օր թերթ կը հրատարակեմ: Բայց այն թերթերուն մէջ, զորս դռնապանները ամէն առտու կանուխ կը գնեն կրպակներէն ու կը տանին իրենց տանտէրներուն, իմ հրատարակած թերթը չկայ: Մէկ հատ իսկ չկայ եւ պիտի չըլլայ: Իմ թերթը տարբեր տեսակի թերթ է: Իմ թերթը մասնաւորներու համար հրատարակուած թերթ է: Իմ թերթը առտուան ժամերուն ալ չի վաճառուիր, իրիկնային թերթ է: Բայց խնդիր չէ: Դռնապաններուն կողմէ տուն տարուած թերթերուն մէջ ես կը տեսնեմ պատիւ մը, որ անուղղակի կերպով կ’ընծայուի իմ հրատարակած թերթիս ալ: Ամէն առտու դռնապաններու պատկերին մէջ ես կը տեսնեմ, որ իմ հրատարակած թերթն ալ եղբայրացած է սուրբ հացին հետ, ան ալ ընկերակիցը դարձած է սուրբ հացին: Իմս թերեւս իրիկնային հացին եղբայրն է, բայց ան ալ հացին հետ կը դրուի նոյն նժարին կամ նոյն սեղանին վրայ:
Հիմա գիտեմ՝ ոմանք կրնան առարկել ու ըսել.
– Աշխարհի վրայ որքան շատ մարդ կայ, որ կ’ապրի առանց թերթ կարդալու, մինչ մէկ հոգի իսկ չկայ, որ կարենայ ապրիլ առանց հացի: Հացը գոյատեւման պայման է, բայց թերթը գոյատեւման պայման չէ:
Ճիշդ է: Բայց պէտք չէ մոռնանք, որ մարդուս գոյատեւումը երկու մակարդակի վրայ է, առաջինը՝ ստամոքսի մակարդակ, երկրորդը՝ ուղեղի մակարդակ»:
Այսպէս, փոխանակ պատանիին բացատրելու հայատառ թերթին արժէքն ու կարեւորութիւնը, անոր ենթագիտակցութեան մէջ դրոշմելու հայ մամուլին կարեւորութիւնը, տեղեկացնելու թէ թերթի իւրաքանչիւր յօդուած լոյսին բերելու համար գրողը, սրբագրողը, ձեւաւորողը, տպագրողը ինչպիսի՞ տագնապով ու ի՞նչ նպատակով կ’աշխատին, թերթը ոտնակոխ կը դարձնեն:
Նման արարքով ալ հրճուած կը նկարեն ու դիմատետրի էջին կը տեղադրեն որպէս գործունէութիւն:
Հայ թերթը ընթերցելու պէտք է վարժեցնել մեր մանուկներն ու պատանիները, ոչ թէ գետին փռելով ոտնակոխ դարձնել զայն:
Այս արարքը վերագրելով ոմանց անփութութեան, կ’առաջարկենք նոյն մանուկներուն ու պատանիներուն հետ այցելել թերթի խմբագրատուն, ծանօթացնել զիրենք թերթի աշխատանքին, բովանդակութեան: Աւելին. «Գանձասար»-ի խըմբագրութեան կ’առաջարկենք թերթէն մէկական օրինակ նուիրել մանուկներուն ու պատանիներուն, ներկայացնել «Գանձասար»-ի մանկապատանեկան ներդիրը՝ «Կկու»-ն, եւ յուշել, որ հայատառ թերթը մասունքի պէս պէտք է պահել, ոչ թէ ոտնակոխ դարձնել:
Խմբագրութիւնը անկասկած այս համոզումով ամէն շաբաթ թերթէն օրինակ մը կը նուիրէ բոլոր միութիւններուն:
Փշակն