Հինը մահացաւ: Կեցցէ նոր տարին:
Եւ նորին հետ մեր բոլորին ալ յոյսերը կը նորոգուին, աղօթքները կը թէժանան եւ սպասումները կը սրին:
Սակայն յոյսը, առանց զայն իրականացնելու ձգտող աշխատանքի, իմաստ չունի. շատ-շատ՝ կ’օրօրէ մեր վախերը եւ համեմատական հանգիստ քուն կը շնորհէ մեր տագնապահար գիշերներուն:
Ըստ արեւմտեան սովորոյթին, եթէ աչք մը նետենք անցնող տարուան վրայ,- եւ հակառակ դամբանականի մը մէջ միայն լաւ բաներ յիշելու սովորութեան,- բաց աչքերով դիտենք դէպքերը, պիտի տեսնենք, որ այնքան ալ յուսալու տեղ չունինք: Անցնող երկու տարիները փաստեցին ասիկա: Նախ աշխարհը դղրդացնող փոքրիկ ժահրը, որ մեծ մանգաղի մը նման ահաւոր հունձք մը ըրաւ – մեր, հայերուս պարագային կարծես ընտրովի էր այդ հունձքը, որովհետեւ մեր լաւագոյն տարրերը գացին – ապա Արցախեան պատերազմը, որ մեր բոլորին, բայց մանաւանդ սփիւռքահայութեան «մէջքը կոտրեց»:
Իրապէ՛ս, վերջին տասնամեակին, մեր հայրենիքին բարգաւաճումին հետ, բոլորս ալ հզօրութիւն կը զգայինք, դիտելով մեր փոքրիկ երկրին վերելքը: Պատերազմը սակայն…
Իսկ ուրախութեան համար անտեղիօրէն գամուած գամերը կարծես մեր այդ կոտրուածքը ամրացուցին, որովհետեւ բաց աչքերով սկսանք տեսնել այն բոլորը, որոնք կը տկարացնեն մեր հայրենիքը, հակառակ որ գամերը ամրացնելու կը ծառայեն:
Այսօր դարձեալ կը կենանք նոր տարուան շեմին, մեր պատուհանէն կը դիտենք մշուշոտ տեսարանը, որ կը բացուի մեր աչքերուն առջեւ, եւ կը յուսանք արեւին, որ վաղը պիտի ծագի:
Անկախ անկէ, որ բնութեան մէջ եւ երկրագունդին համար 31 Դեկտեմբերը 30 Դեկտեմբերին կամ 1 Յունուարին նման օր մըն է, սակայն նոր տարուան օրը կ’արթննանք գոհունակութեամբ, որովհետեւ մեր գլուխներուն վրայ ծածք ունինք, առողջութիւն ունինք եւ մեր սեղաններուն վրայ հաց ունինք:
Ա՛յս Յունուարը սակայն տարբեր է, որովհետեւ աշխարհը այսօր տարբեր է, մե՛ր աշխարհը տարբեր է:
* * *
Ամէնամեայ Յունուար մէկեան Վիեննայի ամանորեան ելոյթին այս տարուան ղեկավարը՝ Franz Welser-Mօst, իր խօսքին մէջ ըսաւ.
«Նիցչէն ըսած է՝ առանց երաժշտութեան, կեանքը սխալ մըն է: Այս նուագախումբը իր ելոյթով ամէն տարի մեզի յոյս կը ներշնչէ»:
Ինիսուն երկիրներ հեռասփռուող տարեկան այս համերգը, որ շատերու, ինչպէս եւ մեր ընտանիքին համար արդէն կաղանդի ընտանեկան աւանդութեան կարգ անցած է, կը ներկայացնէ Եոհան Սթրաուս երէցի, իր ընտանիքին եւ ժամանակակիցներու կողմէ յօրինուած եւ այսօր շատ սիրուած երաժշտութիւն:
Կաղանդի առաջին ներկայացումը կայացեր է Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմի թէժ օրերուն՝ 1941-ին, երբ նուագողներէն շատերու ընտանիքները ամենածանր պայմաններու մէջ կ’ապրէին, իսկ Վիեննան ինք բարբարոսութեան մատնուեր էր:
Հակառակ պատերազմին, Վիեննայի ֆիլհարմոնիքը կը շարունակէ կաղանդի համերգները, որոնք աւանդութիւն կը դառնան թէ՛ Վիեննայի, թէ՛ հետզհետէ ամբողջ աշխարհի երաժշտասէր հասարակութեան համար:
Մինչեւ 1979 խումբին ղեկավարները վիեննացիներ էին, բայց 1980-ի կաղանդի համերգին համար կը հրաւիրուի աշխարհահռչակ ղեկավար Լորին Մաազէլ, որուն կը հետեւին Զուպին Մէթա, Սէյճի Օճաուա, Տարըլ Պարնպոմ, Կիւսթաւօ Տիւտամէլ եւ ուրիշներ: Այս տարուան ղեկավարը Ֆրանց Ուէյսթըր Մէօյսթն էր:
Համերգը ինք իրապէ՛ս բարձրամակարդակ ելոյթ մըն է ոչ միայն որպէս կատարում, այլ որպէս տոմսերու գին եւ ներկաներու ընտրանի: Հետեւաբար, կը մտածեմ, ինչպէ՞ս մարդկութեան «յոյս կը ներշնչէ», երբ այդ մարդկութեան մեծամասնութիւնը զրկուած է նոյնիսկ հեռատեսիլով այս համերգը վայելելէ:
Այսօր, ինչպէս 1941-ին, աշխարհը կը դիմագրաւէ համաշխարհային պատերազմ մը, թէեւ այդ մասին յայտարարութիւն չկայ. եղածը կարգ մը երկիրներ «փրկել» է իրենց «անյարմար նախագահ»-ներէն, ըստ Ամերիկայի հայեցողութեան:
Բայց հակառակ ծանր կացութիւններուն, որոնք օրէ օր կը բարդանան, մարդիկ աւելի եւ աւելի կը հաստատեն արուեստին, մանաւանդ երաժշտութեան դերը,- ի՛նչ ոճի ալ ըլլայ այդ երաժշտութիւնը,- կեանքի հանդէպ հաւատք ներշնչելու մէջ:
Նոյնն է մեր հայրենիքին մէջ, նոյնն է մեր գաղութներէն իւրաքանչիւրին մէջ, մանաւանդ ծանր պայմաններու տակ տուայտող գաղութներու, ինչպէս Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ: Տակաւին կա՛ն արուեստասէր մարդիկ, որոնք իրենց մխիթարութիւնը արուեստին մէջ կը գտնեն եւ այդ մխիթարութիւնը, ժպիտով եւ ուրախութեամբ կը բաշխեն իրենց շրջապատին:
Պէտք չկայ հեռուները նայիլ, կը բաւէ դիտել Հալէպի «Զուարթնոց» երգչախումբին կամ «Ադամեան» թատերախումբին ելոյթները, կամ Պէյրութի մէջ Անի Քիւրքճեանի նկարներու ցուցահանդէսը, հաստատելու համար մեր ըսածը:
Տարեմուտը Եռաբլուրի տարածքին սակայն այլ է, հոն ո՛չ երաժշտութիւնը, ոչ ալ որեւէ արուեստ մխիթարութիւն կրնայ ջամբել բազմութեան մը, որուն ցաւը անդարմանելի է. այդ ցաւին արձագանգն է որ կը հասնի մեր հոգիին, կը ջլատէ մեզ:
Նոր տարին նոր յոյսով կը ծագի. կը հաւատանք անոր, նորի այդ յոյսին եւ կը փորձենք հասնիլ անոր, իրագործել զայն:
Շնորհաւոր Ամանոր:
Մարուշ Երամեան