ՍՓԻՒՌՔԻ՞, ԹԷ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԻ
Կրնա՞նք սահմանել մեր օրակարգը։ Փորձե՛լ սահմանել։
Բայց եկէք նախ յստակ բնորոշենք, թէ վերտառութեան այդ «մեր»-ը որո՞ւ կը պատկանի։
Ոմանք կրնան անմիջապէս ենթադրել, թէ խօսքը կը վերաբերի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, քանի որ դաշնակցական մըն է գրողը, դաշնակցական թերթի մը մէջ է, որ կը գրէ։
Ուրիշներ կրնան այս ստացական ածականը վերագրել Սփիւռքի՝ մեկնելով յօդուածին տիտղոսէն։
Վերջապէս ուրիշներ ալ կրնան, նոյն պատճառաւ, համայն հայութիւնը մտաբերել այդ մէկ բառով, հոմանիշներ նկատելով, անկասկած, Հայաշխարհն ու հայութիւնը ։
Բոլորն ալ մասամբ իրաւունք ունին, քանի որ՝
ա) Դաշնակցութեան օրակարգը ուրիշ բան չ’ենթադրեր եթէ ոչ ե՛ւ Սփիւռքի ե՛ւ Հայաշխարհի հարցերը։
բ) Սփիւռքի օրակարգը չի կրնար անջատուիլ Հայաշխարհի օրակարգէն։
գ) Հայաշխարհի օրակարգն ալ չի կրնար գոյութեան իրաւունք ունենալ առանց ներառելու Սփիւռքի հարցերը, եւ
Հայաշխարհի կազմակերպութիւնները, որոնցմէ մէկն ալ Դաշնակցութիւնն է։
Բոլորն ալ, սակայն, նաեւ մասամբ կը սխալին՝ նոյն տրամաբանութեամբ, քանի որ՝
ա) Սփիւռքի թէ Հայաշխարհի հարցերը միայն Դաշնակցութեան օրակարգին չէ, որ մաս կը կազմեն։ Անոնք բոլոր ազգային կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու օրակարգերու ալֆան եւ օմեկան կը հանդիսանան, թէկուզ տարբեր երանգներով, տարբեր ուժգնութեամբ ու խորութեամբ, յատո՛ւկ ոլորտներու վերաբերեալ, տարբեր մօտեցումներով քննարկուելիք ու լուծուելիք։
բ) Տեսնել վերեւի երկրորդ կէտը…
գ) Տեսնել վերեւի երրորդ կէտը…
Միշտ նոյն տրամաբանութեամբ ալ՝
ա) Այդ չի նշանակեր, որ Սփիւռքի թէ Հայաշխարհի ընդհանրական հարցերուն լուծման որոնումին մէջ պիտի չըլլան նաեւ միայն Դաշնակցութեան, կամ միայն այս կամ այն կազմակերպութեան յատուկ հարցեր՝ առանձնաբար լուծուելիք, որպէսզի ան կամ անոնք ունենան աւելի արդիւնաւէտ գործունէութիւն։
բ) Չի նշանակեր նաեւ, թէ նոյն այդ օրակարգին մէջ պիտի չըլլան միայն Սփիւռքի յատուկ հարցեր, որոնք առանձին լուծումներու կը կարօտին՝ որպէսզի Սփիւռքն ալ աւելի հզօր ու ազդեցիկ դառնայ։
գ) Վերջապէս չի նշանակեր, թէ Հայաշխարհի միւս գլխաւոր բաղադրիչը՝ Հայրենիքը, այսինքն՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախի Հանրապետութիւնը, Ջաւախքն ու մնացեալը, պիտի չունենան առանձնաբար իրե՛նց յատուկ հարցերը՝ իրենց օրակարգին վրայ։
Ուրեմն այդ «մեր»-ը կը վերաբերի թէ՛ իւրաքանչիւրին եւ թէ՛ բոլորին, սակայն այս յօդուածը փորձ մը պիտի ըլլայ սահմանելու միայն Սփիւռքի օրակարգը՝ Հայաշխարհի ընդհանուր խորապատկերին վրայ. փորձ մը փակելու համար Արամ կաթողիկոսի յայտարարած Սփիւռքի տարին, բայց բանալու համար Սփիւռքի հարցերով աւելի երկարաժամկէտ զբաղելու ժամանակաշրջան մը, հրաւիրելով բանիմաց ընթերցողները, մտածողները՝ ծանօթ ու անծանօթ, որ իրենք ալ իրենց լուման նետեն մտքերու այս համեստ գանձանակին մէջ։
***
Արդ, որո՞նք են Սփիւռքի գլխաւոր հարցերը, որոնք մաս պէտք է կազմեն մեր օրակարգին.
1. Ուժերու եւ ներուժի ճանաչումը. Սփիւռքը ինքզինք պիտի ճանչնայ, գիտնայ արդէն յայտնաբերուած ի՛նչ ուժեր ունի, ի՛նչ ոլորտներու մէջ, եւ տակաւին յայտնաբերուելիք ի՛նչ ներուժ ունի։  Ի՞նչ տարբերութիւններ կան հայկական ու այլ սփիւռքներու միջեւ եթէ կրնանք սփիւռք կոչել այլոց արտերկրային հաւաքականութիւնները։
2. Առկայ միջոցներու եւ հնարաւոր նոր միջոցներու ճանաչումը. նոյնպէս՝ ամէ՛ն տեսակի, նիւթական ըլլայ, թէ ֆիզիքական, ամէն մարզի ու մասնագիտութեան մէջ։ Ճանաչման այս աշխատանքը երբեք պէտք չէ սահմանափակուի լոկ ծանօթ հաստատութիւններու, գործող կազմակերպութիւններու եւ յայտնի անձնաւորութիւններու ստացուածքով ու հնարաւորութիւններով։
3. Ուժերու եւ միջոցներու համադրումն ու համախմբումը՝ հաւաքական ծրագրերու իրագործման ի խնդիր՝ գոյութիւն ունեցող ու տակաւին գոյութիւն առնելիք անհրաժեշտ կազմակերպական կառոյցներով՝ տեղական, շրջանային թէ ընդհանուր առումով։ Եւ այս մարզին մէջ հաւանաբար շատ բան ունինք սորվելիք այդ միւսներու «սփիւռքներէն»։
Կարեւոր է, որ կարենանք յստակ տեսնել մեր թերիներն ու պակասները, որոնել անոնց սրբագրութեան ու ամբողջացման ճանապարհները։ Ի՞նչ մտայնութիւններ փոխուելու են, ի՞նչ կարծրատիպեր քանդուելու են, ի՞նչ ինքնաքննարկումներ կատարուելու են, որպէսզի բան մը փոխուի մեր իրականութեան մէջ։
Այս առնչութեամբ հետաքրքրական թէկուզ սահմանափակ փորձ մըն է Հայկական Սփիւռքի հարցախոյզը (Armenian Diaspora Survey), Լոնտոնի Հայկական հիմնարկի նախաձեռնութեամբ՝ Հրաչ Չիլինկիրեանի ղեկավարութեամբ ու Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի օժանդակութեամբ. կարելի է ծանօթանալ անոր արդիւնքներու ամփոփման՝ այցելելով անոր նոյնանուն կայքէջը։
Այս բոլորը իրագործելու համար, կենսական է, որ նաեւ կարենանք համախոհութիւն մը ստեղծել, թէ ի՞նչ է դերը Սփիւռքի՝ Հայաշխարհի ներկայ իրավիճակին մէջ, ազգի գոյութեան պահպանման ու զարգացման տեսակէտէն ըլլայ թէ Հայրենիքի հզօրացման։
Իսկ Հայրենիքը ինք կրնա՞յ դեր մը խաղալ այս առնչութեամբ։ Կրնա՞նք բան մը սպասել Հայրենիքէն։ Կրնա՞նք հաւատալ, թէ իրարու նեցուկ կանգնելով է, որ պիտի զօրանանք։ Այստեղ ընդունինք, որ բան մըն ալ հո՛ն փոխուելու է, որպէսզի նման ակնկալութիւններ կարենանք ունենալ։
Չե՞նք կրնար ի վերջոյ Սփիւռք-Հայրենիք եւ Հայրենիք-Սփիւռք ստեղծել այնպիսի գոյակցութիւն մը, այնպիսի համա՛գոյակցութիւն մը, որ ոչ թէ յաւակնինք մէկը միւսին դաս տալ, մէկը միւսէն ինքզինք գերադաս նկատել կամ մէկը միւսին գործը կատարել, այլ երկուստեք զօրանալ ու մեր Դատը հետապնդել՝ մեր գոյութի՛ւնը ապահովել գալիք դարերուն համար։
Կ’արժէ այստեղ յիշել Կարօ Արմէնեանի գործածած եզրերը՝ «փոխսնուցիչ սնընդառութիւն» կամ Խաչիկ Տէր-Ղուկասեանի եզրը՝ «փոխներգործութիւն»։ Կը նշեմ այս երկու ընկերները, որոնց ունեցած կարծիքներու փոխանակութիւնը իմ վերջին մէկ յօդուածիս առթիւ դրդապատճառն է ներկայ գրութեանս (տես «Մեր մղձաւանջը՝ անզօրութեան զգացումն այս», «Դրօշակ», 2022 Հոկտեմբեր, «Հորիզոն» 2022-11-07, -14)։
Այս մտածումները թող մարտահրաւէր մը նկատուին բոլորին համար, բոլորին՝ անոնք ղեկավար ըլլան թէ պարզ զինուոր, մտաւորական ըլլան թէ արուեստագէտ, գիտնական թէ արհեստաւոր, պարզապէս բոլոր անոնց, որոնք ինքզինք հայ կը համարեն։
Խօսինք, վիճինք, հակաճառենք ու համաձայնինք։ Ուրիշ ելք չունինք, եթէ պիտի շարունակենք մաս կազմել ազգերու մեծ ընտանիքին։
Աղբիւր՝ «Գանձասար Բացառիկ-2023»
Վրէժ-Արմէն