Համարեա՛ ութ տասնամեակ առաջ, երկրորդ աշխարհամարտի համատարած սեւ ու սուգի, տագնապալի հաց ու ջուրի օրերուն, Հալէպի մէջ կ’առկայծէր գիր ու գրականութեան կենարար քուրայ մը, որուն ծննդոցը այսպէս կ’աւետէ խմբագիր Անդրանիկ Ծառուկեան.- «Նայիրի ունի նպատակ մը. Վառ պահել գրականութեան հանդէպ սէրն ու հետաքրքրութիւնը, նոյնիսկ այս մռայլ օրերուն: Այս նպատակին իրագործումը կը կազմէ իր միակ յաւակնութիւնը»:
1941 Նոյեմբերի Ա. պրակով իսկ կը խոստանայ իր շուրջ համախմբել «հին եւ նոր սերունդի բոլոր գրողները» եւ կը նշէ աշխատակցիլ խոստացած քսաներեք գրողներու անուններ: Մինչ «Նայիրի»-ի Ա. տարուան հինգ պրակներուն մէջ կը ստորագրեն քառասունչորս աշխատակիցներ՝ Եգիպտոսէն 13, Լիբանանէն 10, Երուսաղէմէն 4, Սուրիայէն 12, Իրաքէն 2, Կիպրոսէն 1 եւ երկու ուրիշներ, որոնց կը հանդիպինք միայն մէկ անգամ եւ որոնց բնակութեան վայրը չէ նշուած:
«Նայիրի»-ի ծննդոցի մթնոլորտը, նախապայմաններն ու ակնկալիքները լաւագոյնս կը ցոլացնեն մեր մեծագոյն գրաքննադատ Օշականի եւ արեւմտահայերէնի խնկարկու Շուշանեանի տողերը, զորս կը մէջբերենք Ծառուկեանի յղուած նամակներէն.-
«Գիտէ՞ք արդեօք, թէ գրականութեան մը կարելիութեան համար ամէնէն յարմար, եթէ ոչ անհրաժեշտ պայմանները լրացնող կեդրոնն էք, վասնզի կը հաւատամ թէ արուեստի ամէն ձեռնարկ իր սնունդը, իր թաքուն ուժը կ’առնէ հաւաքական զգայնութեանց մթերքէն, որուն ամէնէն ծանօթ մարմինը ժողովուրդն է դարձեալ: Սփիւռքի մէջ ոչ մէկ տեղ այս պայմանը այնքան կատարեալ կը ներկայանայ մեզի, որքան Սուրիոյ մէջ: …Կը ստեղծուի կենդանի գրականութիւն, եթէ Սուրիոյ ամբողջ երիտասարդութիւնը յաջողիք համախմբել մէկ եւ նոյն հոգիի մէջ: Պակասը հոգին է: Մնացեալը դիւրաւ հայթայթելի»: (Յակոբ Օշական, Երուսաղէմ, 1942)
«Մասնաւոր հաճոյքով է, որ կը կարդամ առհասարակ Սուրիա մեծցածներուդ գրութիւնները, քանի որ հայ գաղութներու ընդհանուր վիճակը նկատի առնելով՝ լոկ հոն է, որ դեռ կարելի է հաւաքական շարժման մը կարելիութիւնները նշմարել: Անշուշտ ուրիշ գաղութներու մէջ եւս կրնան անհատ գրողներ հասնիլ, տաղանդաւոր գրագէտներ զարգանալ՝ բայց Սուրիան կը մնայ միակ վայրը, ուր հայրենազուրկ Արեւմտահայութիւնը կրնայ, եթէ ուզէ եւ կամենայ, կազմակերպուիլ ու ստեղծագործել»: (Վազգէն Շուշանեան, Փարիզ, 1933)
Օշական աչքերը փակեց Հալէպ եւ թաղուեցաւ օշականավայել փառահեղութեամբ…
Շուշանեանի մանկապատանեկան տարիները անցան Հալէպէն եւ ուրուագծուեցան իր էջերէն…
Ճակատագրական դիպուա՞ծ…
«Նայիրի»-ի Ա. պրակի Իմացական շարժում էջը կ’եզրափակուի «Յաջորդ թիւով՝ Յակոբ Օշական» ազդով, իսկ Բ. պրակը կը բացուի «Թուղթ՝ Օշականէն» նամակով, ուր կը կարդանք.- «Ինք իր խղճմտանքին առջեւ՝ իր պարտքը կատարած մարդու որոշ խռովքով մը Օշական կը դիմաւորէ այս նոր պարտականութեան սպառնալիքը: Ինծի միշտ դժուար եղած է երիտասարդութիւնը մերժել, ու թերեւս այդ զգացումին գինն են այս տողերը»: Այնուհետեւ Օշական կը ստորագրէ «Արեւելահայ 14-ը» (Գ. – Դ. պրակներ) եւ «Ալպոմ-(Քորֆուի տպաւորութիւններ)» (Ե. պրակ):
Շուշանեանի գրիչէն եւս անմասն չէ «Նայիրի»-ն: Ա. պրակով կը կարդանք «Գարնանային»-էն քանի մը էջ՝ «Կը յիշե՜մ, մա՛յր իմ…» պարագայական խորագրով, որուն կցուած խմբագրական նօթը կը նշէ.- «Որպէս յուզիչ անակնկալ մը, յայտնենք, թէ Նայիրիի խմբագրութիւնը ունի քանի մը անտիպ էջեր Շուշանեանէն»: Այսպէս՝ Գ. պրակը կու տայ «Անտիպ էջեր՝ Շուշանեանէն», 1936-37 տարիներուն Սուրիա ապրող բարեկամի մը յղուած նամակներէն: Դ. պրակը եւս կու տայ պատառիկ մը, այս անգամ Ծառուկեանի յղուած նամակէն՝ «Ձայն Մը Գերեզմանէն» պարագայական խորագրով:
«Նայիրի» Գրականութեան եւ Արուեստի Պարբերագիրքը Ա. տարին լոյս կը տեսնէ հինգ պրակներով: Ա. պրակը վարչական ազդով կը յայտարարէ թէ «Նայիրի» ամսաթերթ մը չէ, այլ՝ պարբերագիրք, նոյնը կը յիշեցնեն նաեւ Բ. եւ Ե. պրակներու վարչական զեկոյցները: Առ այդ կը խոստանայ ընթերցողին մատուցել ոչ թէ որոշ թիւով պրակներ, որոնց քանակն ու ծաւալը կրնան տարբերիլ, այլ որոշ թիւով էջեր՝ 350 էջ: Արդարեւ, «Նայիրի»-ի Ա. տարուան հինգ պրակները կը հաշուեն 312 էջեր, հետեւեալ պատկերով.-
Ա. պրակ՝ (Նոյեմբեր 1941) 36 էջ
Բ. պրակ՝ (Յունուար 1942) 48 էջ
Գ. պրակ՝ (Մարտ 1942) 52 էջ
Դ. պրակ՝ (1942) 92 էջ
Ե. պրակ՝ (1942) 84 էջ
Ի դէպ Դ. եւ Ե. պրակներու տարեթիւերն են միայն յիշուած: «Նայիրի» կը նշէ թէ Դ. պրակի տպագրութիւնը վերջացած է 20 Սեպտեմբեր 1942-ին, իսկ Ե. պրակինը՝ 20 Մարտ 1943-ին, նախատեսուած «տարեգլխին» փոխարէն:
Ամսաթիւերու, վերջինին պարագային նաեւ տարեթիւի, այս անճշդութիւնը պէտք չէ վերագրել խմբագրի կամ աշխատակիցներու անփութութեան, այլ չնախատեսուած թուղթի տագնապին, որ կը պարտադրէ յաւելեալ նիւթական յանձնառութիւն: Ե. պրակի վերջաբանով խմբագիրը կ’անդրադառնայ «առտնին հոգերու».- «Մեր կատարած ամբողջ գանձումը հազիւ բաւած է միայն թուղթին: 4 ս. ոսկի բաժնեգին նշանակած էինք, երբ յանկարծ թուղթը սղեց:
Կարծեցինք դարմանած ըլլալ կացութիւնը 4-ը բարձրացնելով 5-ի: Թուղթը շարունակեց իր խելագար բարձրացումը: Բոլոր թերթերը կիսեցին իրենց ծաւալը եւ կրկնապատկեցին բաժնեգինը: Մենք չհամարձակեցանք նոր յաւելումի խօսք ընել: Ու անկէ վերջ, այլեւս ամբողջ տարին ծրար մը թուղթի արշաւ եղաւ մեր ամբողջ մտահոգութիւնը»:
Տնտեսական այս տագնապալի թոհուփոհին դիմակայող «Նայիրի»-ի երթին կ’անդրադառնայ Գահիրէի «Յուսաբեր»-ի 7 Մարտ 1942 թուակիր խմբագրականը.- «Սուրիոյ մէջ նոր պարբերական մը լոյս կ’ընծայուի, Նայիրի, հայ ամենահոծ գաղութի ծոցէն, հակառակ նիւթական մղձաւանջին, որ կը ճնշէ յատկապէս նոյն գաղութը: Յոյս ունինք, որ գրականութեան նուիրուած այս ձեռնարկը սփոփանքի շունչ մը կրնայ տարածել Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան համար, այս մութ օրերուն»:
Ուշագրաւ է յատկապէս «Նայիրի»-ի բովանդակային այլազանութիւնը՝ բանաստեղծութիւն, պատմուածք, գրախօսական, ուսումնասիրութիւն, վերլուծական էջեր, իմացական շարժում, նամականի, հայրենի գրականութիւն, թարգմանութիւն եւ խմբագրական նօթեր:
Բանաստեղծութեամբ հանդէս եկող քսաներկու աշխատակիցներէն ոմանք (տասնհինգը) կ’երեւին միայն մէկ անգամ, ուրիշներ՝ (երկուքը) երկու անգամ, իսկ հինգը՝ չորս անգամ: Հատորներու հեղինակ բանաստեղծներու կողքին, ինչպէս Մ. Իշխան, հարթակ տրամադրուած է արդէն առանձին հատորով Հրատարակուելու պատրաստ Եղիվարդին եւ նախափորձերով յուսադրող Նուարդ Յովսէփեանին:
Պատմուածքներ ստորագրած են տասնվեց արձակագիրներ, որոնցմէ Եդուարդ Պոյաճեան եւ Սահակ Պալըգճեան՝ չորս անգամ, Բիւզանդ Եղիայեան՝ երեք, Սմբատ Փանոսեան, Հայկ Ժամկոչեան, Զարեհ Մելքոնեան, Արիս Շաքլեան, Եդուարդ Տարօնեան, Պարոյր Մասիկեան եւ Անահիտ Ասպետեան՝ երկու, իսկ մնացեալը՝ մէկ անգամ:
«Նայիրի»-ն հարստացնող էջերէն են գրախօսականները, որոնցմէ երեքը կը կարդանք Բ. պրակին, իսկ հինգը՝ Ե. պրակին մէջ: Ութ հատոր հրատարակութիւն մէկ տարուան ընթացքին, պատերազմի օրերուն… եւ այդ երկերը ընթերցողին հրամցնելու նախանձախնդիր պարբերագիրք մը…
Գրախօսուած հատորներն են՝
«Մինչեւ Ամերիկա», Սահակ Պալըգճեան, Գահիրէ, 1941:
«Մագթաղինէն Մեղրամոմէ», Եղիվարդ, Երուսաղէմ, 1941:
«Ճամբուն Մէջ Որ Հռոմ Կը Տանի», Հայկ Ժամկոչեան, Գահիրէ, 1941:
«Հայ Գրականութիւն», Յ. Օշական, Երուսաղէմ, 1942:
«Օտարուհին Ճամբուն Վրայ», Սահակ Պալըգճեան, Գահիրէ, 1942:
«Մեծ Նախերգանքը», Առաքել Պատրիկ, Գահիրէ, 1942:
«Գասա-Պելլա», Արսէն Աճէմեան, Պէյրութ, 1942:
«Աստղերուն Տակ», Գէորգ Չէքիճեան, Պէյրութ, 1942:
Ուսումնասիրութիւններն ու վերլուծական էջերը ծանր հրետանին են «Նայիրի»-ի: Յ. Օշական կը ստորագրէ «Արեւելահայ 14-ը» (Ամփոփ մատենագրութիւն) Գ. եւ Դ. պրակներուն մէջ, Եդուարդ Տասնապետեան՝ «Սայաթ Նովա» վերլուծական ուսումնասիրութիւնը Դ. եւ Ե. պրակներուն մէջ, իսկ բժիշկ Խ. Պօղոսեան՝ «Անմահներու Շուքին Մէջ. ա.Տիրան Չրաքեան, բ. Հռչակաւոր Հայ «մուրացիկներ», գ. Աւետիս Ահարոնեան» Գ., Դ. եւ Ե. պրակներուն մէջ:
Իմացական շարժում էջի մասին Ա. պրակին մէջ այսպէս կ’արտայայտուի խմբագիրը.- «Մեր այս Բաժինը, որ աւելի լայն տեղ պիտի ունենայ Նայիրիի էջերուն մէջ, յատուկ է գրախօսականներու, գրական խնդիրներու եւ առհասարակ գեղարուեստական եւ իմացական կեանքի հետ կապ ունեցող երեւոյթներու պարզաբանումին»: Այսպէս, Գ. եւ Դ. պրակներով կը կարդանք Ռայնըր Մարիա Ռիլքէի նամակները՝ երիտասարդ բանաստեղծի մը: Սեզա կը ներկայացնէ «Ստեֆան Ցըւայք», Շաւասպեան՝ «Թատերագիր Սարոյեանը», Բ. Թաշեան՝ «Երկու Պատերազմներու Միջեւ» (մտորումներ), Վահան Շահպազ՝ «Նշմարներ- Նիւթն ու Ոճը» եւ «Նուիրական Իրաւունքը» խորհրդածութիւններու շարքը: «Բացառիկ Տեսակցութիւն Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ» (թարգմանութիւն), «Երիտասարդ տաղանդ մը՝ Կալենց» եւ բազմաթիւ նշմարներ նոր մտահորիզոններով կ’օժտեն ընթերցողը:
Հետաքրքրաշարժ եւ ուսանելի է «Նայիրի»-ի նամականին: Յակոբ Օշականի, Վազգէն Շուշանեանի, Մատթէոս Զարիֆեանի, Ռուբէն Որբերեանի, Արշակ Չօպանեանի եւ Նշան Պէշիկթաշլեանի անտիպ նամակները, ոչ միայն խօսուն վկայութիւններ են յետ-եղեռնեան սփիւռքեան ժամանակաշրջանի, այլեւ՝ խոկումներ գրականութիւնը յուզող այլազան, երբեմն նաեւ իրարամերժ հարցերու շուրջ:
«Նայիրի»-ի պրակները կը հիւրընկալեն նաեւ հայրենի գրականութեան մշակներէն Հրաչեայ Քոչար, Յովհաննէս Շիրազ, Գուրգէն Մահարի եւ Եղիշէ Չարենց: Ստալինեան մաքրագործումներու մահասարսուռ ոդիսականը կ’ապրի նաեւ սփիւռքահայը: Երկաթեայ վարագոյրէն անդին գրչակիցներու անողոք ու անորոշ ճակատագիրը կը տուայտէ Սփիւռքի մտաւորականութիւնը: «Ո՞ղջ են թէ մեռած» խմբագրական նօթով կը կարդանք.- «Վերջերս հիանալի լուր մը սկսաւ շրջան ընել հայ մամուլին մէջ: Թէ՝ Հայաստանի գրողները ողջ են, թէեւ բանտը, թէ միայն Չարենցն է մեռնողը, այն ալ բնական մահով, թէ ողջ է նաեւ Գուրգէն Մահարին ու ազատօրէն կը շրջի Հայաստանի մէջ: …Յամենայնդէպս, ճիշդ կամ սխալ՝ նախընտրելի է կենդանի պատրանքներով սնանիլ, քան մեռեալ ճշմարտութիւններով…»: Վերոնշեալ տողերուն կցուած կը գտնենք Ծաղկաքաղ մը Մահարիի «Մրգահաս» հատորէն:
Եղերաբախտ Չարենցի կարապի երգ «Գիրք Ճանապարհի» երկէն քանի մը օրինակ միայն հասած էր արտասահման. «Նայիրի»-ի պրակները կը տրամադրեն պատառիկներ «Կրկնապէս արժէքաւոր եւ հեղինակին եղերական վախճանովը նուիրականացած այս մատեանէն»:
«Նայիրի»-ն է՛ նաեւ արուեստի տարբեր բնագաւառներու մտահոգութիւններ արծարծող եւ լուծումներ որոնող հարթակ: «Դաշնա՛կ մը Կանաչեանին: Ո՛չ, սխալ ըսինք-դաշնակ մը հայ երաժշտութեան» կը յայտարարէ եւ կ’աւելցնէ.- «Կ’արձանագրենք երեւոյթը՝ պատմութեան համար: Հարիւր տարի վերջ, Կանաչեանի Օրօրն ու Ուռին երգող սերունդները- մեզմէ աւելի երջանիկ, կը հաւատա՛նք- թող գիտնան թէ այդ գոհարները յղացող արուեստագէտը դաշնակ չունէր»: Այս կոչ-պահանջին կ’արձագանգէ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամ պրն. Մկրտիչ Մսրլեան, եւ …վերջապէս Կանաչեան կ’ունենայ ի՛ր դաշնամուրը:
«Նայիրի» իւրօրինակ տեղ կը գրաւէ սփիւռքահայ մամուլի պատմութեան մէջ: Պատերազմական եւ տնտեսական անբարենպաստ պայմաններու մէջ հրատարակուող այս պարբերագիրքը յաջողեցաւ համախմբել մայրենիի մշակներու հոյլ մը եւ գիր ու գրականութեան բագինին նուիրաբերել հոգեթով երախայրիքը նայիրեան բերրի Բանին…։
Աղբիւր՝ «Գանձասար Բացառիկ-2023»
Լենա Նազարեան