Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կուտերեշ վերահաստատած է իր կոչը՝ ապահովելու Լաչինի միջանցքէն ազատ ու անվտանգ տեղաշարժը, այս մասին «Արմէնփրէս»-ին ըսած է անոր խօսնակ Սթեֆան Տիւժարիքը։

«Գլխաւոր քարտուղարը ներկայ իրավիճակին մասին իր մտահոգութիւնները յայտնած է 14 Դեկտեմբեր 2022-ի իր յայտարարութեան մէջ։ Այս մտահոգութիւնները Քարտուղարութեան կողմէն բարձրաձայնուած են նաեւ 20 Դեկտեմբեր 2022-ին Հայաստանի հայցով հրաւիրուած Անվտանգութեան Խորհուրդի արտակարգ նիստին ընթացքին։ Գլխաւոր քարտուղարը վերահաստատած է իր կոչերը՝ զօրաշարժի ենթարկել լարուածութիւնը եւ ապահովել միջանցքէն ազատ ու անվտանգ տեղաշարժը՝ համաձայն աւելի ուշ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն։ Ան իր աջակցութիւնը յայտնած է միջնորդական ջանքերուն», ըսած է Տիւժարիք՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքը արդէն մէկ ամիս փակ պահելու փաստին, որուն հետեւանքով մարդկային ճգնաժամ սկսած է Արցախի մէջ, ուր մօտաւոր 120 հազար բնակիչներ յայտնուած են շրջափակման մէջ։

«ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութիւնները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ կը շարունակեն բաց պահել կապը իշխանութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ ու պատրաստ են արձագանգելու, եթէ ըլլայ դիմում եւ պայմանները թոյլատրեն», յայտնած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին խօսնակը։