Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով՝ պատասխանելով РБК-ի հարցումին առ այն, թէ ինչ կը մտածէ Քրեմլինը ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէն 2023-ին ՀԱՊԿ զօրավարժութիւններու կատարումէն հրաժարելու յայտարարութեան մասին ըսած է, որ Հայաստան կը մնայ Ռուսիոյ «շատ մտերիմ դաշնակիցը», որուն հետ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի։

«Սա Հայաստանի վարչապետի նոր յայտարարութիւնն է։ Կը կարծեմ, որ ՀԱՊԿ գործընկերները կապի մէջ պիտի ըլլան, պիտի յստակացնեն Հայաստանի դիրքորոշման մանրամասնութիւնները։ Ամէն պարագային, Հայաստանըմեր շատ մտերիմ դաշնակիցն է, մենք պիտի շարունակենք երկխօսութիւնը, ներառեալ այն հարցերը, որոնք այժմ շատ բարդ են», ըսած է Փեսքով։

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը արդէն իսկ ՀԱՊԿ միացեալ շտապին գրաւոր տեղեկացուցած է, որ մենք ՀՀ-ի մէջ նման զօրավարժութիւններ կատարելը այս իրավիճակին մէջ նպատակայարմար չենք համարեր եւ այդ զօրավաժութիւնները, ամենայն դէպս, այս տարի պիտի չիրականանան։ Այս մասին մամլիյ ասուլիսի ընթացքին ըսած էր Նիկոլ Փաշինեան։