Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները վերահաստատեցին Արցախի շրջափակման փաստը։ Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան Դատախազութենէն։ 9 Յունուար 2023-ի Ատրպէյճանի տեղեկատուաքարոզչական շահերը սպասարկող լրատուամիջոցներ տեղեկութիւն հրապարակած են (https://ru.oxu.az/politics/681869, https://media.az/…/blokada-karabaha-po-armyanski-sotni…/) յայտնելով, որ Ստեփանակերտ-Գորիս ինքնաշարժային ճանբուն արգելափակման 27 օրուան ընթացքին երկու ուղղութիւններով իրականացուած է 370 այլատեսակ երթեւեկային միջոցներու տեղաշարժ, որմէ 330-ը՝ ռուս խաղաղապահներու կողմէ, 31-ը՝ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին ( շտապ օգնութեան մեքենաներ), իսկ շտապ օգնութեան 3 մեքենաները՝ «Արցախի բնակիչներու կողմէ»: Յօդուածին հեղինակը փորձած է ցոյց տալ, որ իրականութեան մէջ Արցախը շրջափակման մէջ չէ, թէեւ բերուած տուեալները ակնյայտօրէն հակառակը ցոյց կու տան: Ատրպէյճանական թէզին մերկ ըլլալը փաստելու համար բաւարար է ընդամէնը երեք վիճակագրական տուեալի բացայայտումը կատարել. մինչեւ Արցախը Հայաստանի հետ կապող միակ՝ Ստեփանակերտ-Գորիս ինքնաշարժային ճամբուն արգելափակումը, Նոյեմբեր 2022-ի ցուցանիշներուն համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութենէն Արցախ մատակարարուած էր օրական 380-400 թոն սննդամթերք եւ հանրային կարիքներու համար նախատեսուած այլ ապրանքատեսակներ (27 օրուան մէջ՝ 10.260-10.800 թոն), Լաչինի միջանցքէն մէկ ուղղութեամբ՝ Հայաստանէն Արցախ մեկնած էր օրական միջին հաշուով 454 մեքենայ (27 օրուան մէջ՝ 12.258), աւելի քան 1.200 մարդ (27 օրուան մէջ՝ 32.400): Յատկանշական է, որ յիշեալ ցուցանիշները փոքր են ոչ միայն 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին նախորդող ժամանակահատուածին, այլեւ 120.000-նոց բնակչութեան միջին մակարդակի բարեկեցութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ պահանջարկի համեմատութեամբ: Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները վերոյիշեալ հրապարակումով հաստատած են նաեւ, որ 27 օրէ ի վեր Արցախի Հանրապետութեան բնակիչները զրկուած են միջանցքէն տեղաշարժելու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կապի կարելիութենէն, միջանցքին մէջ երթեւեկած են բացառապէս ռուս խաղաղապահները եւ Կարմիր Խաչ Միջազգային Կազմակերպութեան ներկայացուցիչները: Այսպիսով, վերոյիշեալ վիճակագրական տուեալները եւ փաստարկները բաւական խօսուն ու պատկերաւոր տեսքով արտացոլացուցած են այն ողջ իրականութիւնը, որ ներկայիս կը տիրէ Արցախի մէջ, իսկ Ատրպէյճան միջազգային հանրութենէն այս իրականութիւնը թաքցնելու համար ջանք ու եռանդ չի խնայեր: