Արցախի Հանրապետութեան համայնքներու բնակչութեան շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին մասին տեղեկատուութիւն ներկայացնելու եւ տեղւոյն առկայ հարցերը վերհանելու նպատակով Ազգային Ժողովի պատգամաւորներու եւ կառավարութեան անդամներու շրջայցելութիւններու շրջանակի նախօրէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան հանդիպած է է Մարտունիի շրջանի Բերդաշէնի եւ ենթաշրջանի շարք մը համայնքներու բնակչութեան հետ:

Դաւիթ Իշխանեան ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէն Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբան փակելուն հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը, ձեռնարկուող քայլերն ու ընելիքները:

«Այս այցերուն նպատակը ժողովուրդին տեղեկացնելն է ու անոնցմէ որոշակի տեղեկութիւններ ստանալը: Հերթականօրէն համոզուեցայ, որ ժողովուրդը չի տրտնջար, պատրաստ է տանելու այս դժվարութիւններն ու ծանրութիւնը եւ շարունակելու մեր պայքարը անիկա նախանշած ճանապարհով, որ որդեգրած ենք 1988 թուականին», նշած է Դ. Իշխանեան՝ աւելցնելով, որ համայնքներու բնակչութեան հետ հանդիպումներու հետեւանքով արձանագրուած հարցերն ու առաջարկութիւնները ի մի պիտի բերուին եւ պիտի քննարկուին գործող շտապի հետ, որուն համաձայն պիտի մշակուի հետագայ քայլերու ռազմավարութիւնը:

Բերդաշէն համայնքի ղեկավարի տեղակալ Արմէն Աբալեանի խօսքին համաձայն, բնակչութիւնը առաւել կը մտահոգէ անորոշութիւնը՝ ստեղծուած իրավիճակին հետեւանքով ու ապագային նկատմամբ:

Անդրադառնալով գիւղի հարցերուն, համայնքի ղեկավարի տեղակալը, մեզի հետ զրոյցի ընթացքին իրազեկած է, որ տիզվառելիքի սղութեան հետեւանքով կիսատ մնացած են գիւղատնտեսական որոշ աշխատանքներ:

«Այս շրջանին խաղողայգիները ոռոգելու ժամանակն է, որուն համար պէտք է վար կատարուի՝ հողը փխրեցնելու եւ ջուրը անցնելու համար: Հակառակ այս բոլորին, մեծամասնութիւնը մինչ այս հասցուցած են կատարել աշնանացանը, սակայն մէկ մասը կիսատ մնացած է։ Յոյս կայ, որ այդ վարելահողերը պիտի օգտագործուին գարնանացանի համար», մանրամասնած է մեր զրուցակիցը:

Ընդհանուր առմամբ Բերդաշէնի բնակչութիւնը բարձրաձայնած է անվտանգութեան ապահովման, տրամադրուող պարենամթերքի համաչափ բաշխումի գործիքակազմի ներդրումին ու գիւղատնտեսական աշխատանքներու համար անհրաժեշտ տիզվառելիքի հարցերը:

Հանդիպումին ներկայ էր Մարտունիի շրջվարչակազմի ղեկավար Էտիկ Ավանէսեան, որ բերդաշէնցիներուն բարձրաձայնած հարցերուն ի պատասխան տեղեկացուցած է , որ անոնց մէկ մասը արդէն իսկ քննարկուած է գործնական շտապի մէջ եւ յառաջիկային լուծում պիտի ստանան: