ՀՄԸՄ-ը իր համագաղութային կառոյցով ունի հարիւրտասէ աւելի մասնաճիւղեր աշխարհով  մէկ: Ան, սակայն, որպէս մարզական միութիւն, միայն Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ կը մասնակցի տեղական շարք մը մարզական խաղերու մրցաշարքերուն, համապատասխան քայլեր ու որոշումներ առնելով, իսկ երբեմն ալ միջոցներ որոնելով:
Ինիսունական թուականներու կիսուն, Սուրիոյ մարզական կեանքը արագօրէն նոր փուլ կը թեւակոխէր, հետզհետէ մարզական մասնագիտացումի ուղղուիլը նիւթական յաւելեալ պարտաւորութիւններու տակ կը դնէր ակումբները, միաժամանակ օտարերկրացի մարզիկներու միութեան կողմէ խաղերու մասնակցութեան առիթը ընծայելով:
Այդ օրերուն, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլը կը մրցէր Սուրիոյ Բ. դասակարգի մէջ, իսկ պասքեթպոլը Ա. դասակարգի շարքերուն: Օրուան գործող յանձնախումբերը ապաւինելով սեղմ, անմիջական, մօտիկ շրջապատի, կը փորձէին ամսական դրութեամբ 500 ս.ո.-ի արժողութեամբ նուիրատուութիւն ձեռք ձգել համակիրներէ, սակայն դժբախտաբար այդ փորձերը հետեւողականութեան իմաստով յաջողութիւն չէին գտներ:
Արդարեւ, զարգացաւ նոր միտք մը՝ քիչ թող ըլլայ, մշտական, սակայն մնայուն թող ըլլայ, եւ յառաջ եկաւ գէթ 100 ս.ո.-ով սկսելու միտքը՝ ապահովելով հարիւրաւոր ՀՄԸՄ-ականներու երկարաժամկէտ ներդրումը:
1995-ի աւարտին, նոր տարուան առիթով, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը հրաւիրած էր բոլոր մարզախաղերու յանձնախումբերն ու սկաուտական խորհուրդները հանդիպումի, որուն ընթացքին առաջին անգամ բացայայտուեցան տնտեսական մարմին յառաջացնելու գաղափարն ու նպատակը: Ներկաները անվարան յայտնեցին իրենց մասնակցութիւնը, կը մնար այս միտքը լաւագոյն ձեւով ներկայացնել ՀՄԸՄ-ի շարքերուն ու համակիրներուն:
Շնորհիւ օրուան ողջմիտ Շրջանային Վարչութեան, յաջորդական լայնածաւալ երեք հանդիպումներ տեղի ունեցան համակիրներու հետ, որոնց ընթացքին խարսխուեցաւ միտքը տնտեսական մարմինի մը յառաջացման, որ հետագային պիտի գոյատեւէր յաջորդական 17 երկար տարիներ, սակայն ցաւօք պիտի ընդհատուէր Սուրիոյ պատերազմին Հալէպ թափանցումով:
Օրուան յառաջացած տնտեսական մարմինը, կազմուած փորձառու միութենականներէ, կարեւոր գործելաձեւ մը որդեգրեց, ամսական դրութեամբ համակիրներէն նուիրուած գումարները գանձելով գործավար պաշտօնեայի մը միջոցաւ: Ան ամսական դրութեամբ պիտի շրջէր գործատեղիներն ու գրասենեակները  ու գանձէր խոստացուած նուիրատուութիւնները: Պատրաստուեցան իւրաքանչիւր նուիրատուի յատուկ կտրոնով տետրեր, իսկ աշխատանքի նախօրէին բոլորին նամակ առաքուեցաւ:
Յանձնախումբը առաջին այցելութեան ընկերակցեցաւ պաշտօնեային, արձանագրելով մասնակցելու փափաք յայտնող նուիրատուներու անունները: Առաջին ամիսները ունեցանք մօտաւորապէս 800 նուիրատու, սակայն յառաջիկայ շրջաններուն, շնորհիւ վճարովի պաշտօնէութեան դրութեան, ընդհանուր թիւը  հասաւ 600-650-ի: Ամսական նուազագոյն մասնակցութեան սակ որոշուած էր 100 ս.ո.:  Ունեցանք մինչեւ 1000 ս.ո. նուիրող համակիրներ: Յանձնախումբը իւրաքանչիւր տարեմուտին  խորհրդանշական յուշանուէր կը բաշխէր մասնակիցներուն: Անոնց կը տրամադրէր նաեւ «Նաւասարդ» պարբերաթերթիկը,  որուն շնորհիւ համակիրները իրազեկ կը դառնային միութեան գործունէութեան:
Սոյն նախաձեռնութիւնը շատ բան փոխեց ՀՄԸՄ-ի կեանքին մէջ, յատկապէս ամրագրեց նիւթական պարտաւորութեան եւ հոգատարութեան զգացումը միութենականներու միջեւ եւ եղաւ ցայտուն օրինակ հաւաքական աշխատանքի արդիւնաւորման:
Թերեւս այս աշխատանքը եզակի եւ օրինակելի էր իր ձեւին ու խորհուրդին մէջ, կը միտէր հաւաքական ներուժը դրամագլուխի վերածելով հարթել կարգ մը դժուարութիւններ:
Այսօր եւս նմանօրինակ տարբեր ձեւաչափերով իւրաքանչիւր ազգային կառոյց կրնայ կազմել իր հոգատար համակիրներու եւ շրջանաւարտներու օղակը՝ ապահովելու տուեալ հիմնարկին կամ միութեան կարիքները, միաժամանակ նուիրատուները մասնակից դարձնելու միութեան վերելքին: Տակաւին կարելի է շարք մը միտքեր յղանալ նիւթական ապահովելու ազգանպաստ բազում աշխատանքներու համար՝ նման յանձնախումբերու ճամբով:
Այլապէս, ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ, նիւթի անբաւարարութեան եւ ժամանակի հարկադրանքին առաջ պիտի ամլանան շարք մը նախաձեռնութիւններ եւ ծրագիրներ:
Նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար, բաւարար է ստեղծել գործակցելու թափանցիկ, ազնիւ ու առողջ մթնոլորտ:
Աղբիւր՝ «Գանձասար Բացառիկ-2023»
Վիգէն Գէորգեան