Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով մատուցուած պատարագի իր պատգամին մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Արցախին սատարելու եւ անկախ պետականութիւնը չվտանգելու կոչ ուղղեց:
«Տեւական ժամանակ արգելափակուած է Արցախը Հայաստանի հետ կապող ճանապարհը, ինչ որ յանգեցուցած է մարդասիրական աղէտի: Զօրանանք հայրենիքի սիրով եւ ամէն կարելի հնարաւորութեամբ սատարենք Արցախի մէջ եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ դժուարութիւններ կրող մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:
Դիմելով արդէն 26 օրէ ի վեր շրջափակման մէջ գտնուող արցախցիներուն՝ վեհափառ հայրապետը յայտնեց. «Ձեր քաջ նախնեաց փառաւոր օրինակով հաստատուն ու աննկուն մնացէք հայրենի հողին մէջ ապրելու եւ արարելու վճռականութեան մէջ: Մեր սուրբ եկեղեցին աշխարհասփիւռ իր թեմերով ձեզի հետ է, աջակից ու զօրակից ձեզի: Ձեր հիմնարար իրաւունքներուն պաշտպանութեան արդար պահանջը պիտի յաղթանակէ համայն հայութեան ջանքերով եւ միջազգային հանրութեան սատարումով»: