14 Յունուարին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Ղազարեան հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին հետ:

Նախարար Արարատ Միրզոյեան շնորհաւոած է գործընկերոջը պատասխանատու պաշտօնին նշանակուելուն համար եւ յաջողութիւն մաղթած է իր գործունէութեան մէջ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով բարեմաղթանքներուն համար՝ Սերկէյ Ղազարեան կարեւոր համարած է երկու հանրապետութիւններու փոխգործակցութիւնը առկայ հարցերու լուծման համար:

Նախարարները քննարկած են Լաչինի միջանցքի արգելափակումին հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած իրավիճակը: