Մայր Աթոռի տարածած հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, որ Ռուսիոյ պատուոյ շքանշանի յանձնումի արարողութեան ընթացքին ունեցած իր ելոյթի ընթացքին ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս ըսած է, որ բոլորիս հոգիները այս օրերուն անհանգիստ են Լաչինի միջանցքի արգելափակումին պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային ճգնաժամով։ Թող Ամենակալի օգնականութեամբ մեր տարածաշրջանը վերագտնէ իր խաղաղութիւնը, վերականգնուի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ միջազգային հանրութեան կողմէն ճանչցուի Արցախի մեր ժողովուրդին՝ հայրենի հողին վրայ ապահով, ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը։

«Ռուսիոյ Դաշնութեան մեծարգոյ դեսպան,

Գերաշնորհ, Հոգեշնորհ եւ Արժանապատիւ հայրեր,

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի պատուարժան անդամներ եւ սիրելի ներկաներ,

Կ’ողջունենք բոլորիդ ներկայութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եւ կը բերեմ Մեր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները Ամանորի եւ մեր Տիրոջ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան հոգենորոգ տօներուն առիթով։

Շնորհակալութեամբ ստացանք Ռուսիոյ Դաշնութեան մեծայարգ նախագահ տիար Վլատիմիր Փութինի կողմէն Մեզի շնորհուած Ռուսիոյ Դաշնութեան Պատուոյ շքանշանը մեծարգոյ դեսպան տիար Սերկեյ Քոփիրքինի ձեռամբ: Հայրապետական Մեր մաղթանքներն ու օրհնութիւնը կը բերենք ի դէմս Ձեզի, պարոն դեսպան, Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահին՝ ազնիւ ուշադրութեան եւ գնահատանքին համար։

Մեր ժողովուրդները ունին դարաւոր բարեկամութեան հարուստ պատմութիւն, որ կոփուած ու թրծուած է միատեղ կրած նեղութիւններով ու դժուարութիւններով եւ բազում յաղթանակներով։ Մեր ժողովուրդներու եղբայրութիւնը ամրօրէն հաստատուած է քրիստոնէական մեր հաւատքին ու դաւանած ընդհանուր արժէքներուն վրայ։ Հայ- ռուսական փոխյարաբերութիւններու պատմութեան ընթացքին, այլեւ անկախութեան հռչակումէն ի վեր մեր ժողովուրդը զգացսծ է բարեկամ Ռուսիոյ բարիացակամ վերաբերմունքը եւ զօրակցութիւնը։ Այսօրինակ բարեկամութեան ցայտուն վկայութեան ականատեսը եղանք, երբ Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ անձամբ նախագահ Վլատիմիր Փութինի անմիջական ջանքերով դադրեցաւ 2020_ի Արցախեան արիւնալի պատերազմը, նաեւ կը շարունակուի կարեւոր աջակցութիւնը պատերազմի աղէտալի հետեւանքներու յաղթահարման, Արցախի մեր ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման, Դադիվանքի եւ հայոց հնամենի սրբավայրերու պահպանութեան համար։ Բոլորիս հոգիները այս օրերուն անհանգիստ են Լաչինի միջանցքի արգելափակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային ճգնաժամով։ Կ’աղօթենք, որ արդիւնաւէտօրէն ռուս խաղաղապահներու ջանքերը Լաչինի միջանցքի արգելափակման վերացման և Արցախի մէջ տիրող աղէտալի վիճակին յաղթահարումին հսմար։ Թող Ամենակալի օգնականութեամբ մեր տարածաշրջանը վերագտնէ իր խաղաղութիւնը, վերականգնուի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ միջազգային հանրութեան կողմէն ճանչցուի Արցախի մեր ժողովուրդին՝ հայրենի հողին վրայ ապահով, ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը։

Սիրելիներ, Ռուսիոյ Դաշնութեան այս բարձր պարգեւի շնորհումը կը դիտարկենք հայ-ռուսական բարեկամութեան, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ հոգևոր-մշակութային կապերու զօրացման համար Հայոց Եկեղեցւոյ պատմական դերակատարութեան արժեւորման, նաեւ որպէս գնահատանք Ռուսիոյ կեանքի մէջ հայ համայնքի կարեւոր աւանդին: Մեր ժողովուրդներու բարեկամութեան ակունքներուն մէջ Հայ եւ Ռուս Եկեղեցիներու եղբայրութիւնն է։ Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Պատրիարքի՝ ի Քրիստոս Մեր սիրեցեալ եղբօր հետ սերտ գործակցութեան մէջ ամենայն ջանք ի գործ պիտի դնենք յանուն մեր ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան առաւել ամրապնդման եւ յարատեւութեան։

Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած, որ այսօրուան փոթորկոտ եւ տագնապներով լեցուն աշխարհին մէջ Ամենողորմ Տերը խաղաղութեան իր շնորհները յեղէ համայն մարդկութեան կեանքին եւ ապահովութեան ու բարօրութեան մէջ պահէ մեր եղբայր ժողովուրդները՝ պարգեւելով արդիւնաշատ գործակցութիւն եւ մշտանորոգ ձեռքբերումներ մեր բարեկամ երկիրներուն։ Այս առիթով, յարգարժան պարոն դեսպան, հաճեցէք Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ մեծարգոյ տիար Վլատիմիր Փութինին Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան կենարար աւետիսի հետ մէկտեղ փոխանցել Մեր երախտագիտութիւնը եւ կենաց արեւշատութեան, յաջողութեանց եւ Ռուսիոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու ու փորձութիւններու շուտափոյթ յաղթահարումի բարեմաղթանքները:

Թող Աստուած օրհնէ եւ անսասան պահէ բարեկամութիւնը մեր եղբայր ժողովուրդներուն»,ըսուած է վեհափառի ելոյթին մէջ: