Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ ռուսական դիւանագիտութեան շուրջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին անդրադարձաւ սուրիական թղթածրարին ըսելով. «Սուրիոյ ժողովուրդին վրայ ԱՄՆ-ի եւ արեւմուտքի կողմէ բանեցուած տնտեսական պատժամիջոցները անբացատրելի տագնապի մատնած է բնակչութիւնը:  Սա մարդկայնօրէն ընդունելի չէ, անմիջապէս պէտք է կասեցնել պատժամիջոցները»։
Լաւրով դիտել տուաւ, որ արեւմուտքը ինքզինք արդարացնել փորձելով յաճախ կը յայտարարէ, թէ տնտեսական պատժամիջոցները որեւէ ազդեցութիւն չունին Սուրիոյ ժողովուրդի առօրեային վրայ, ինչ որ իրականութեան հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունի։ Ան շեշտեց, որ մարդասիրական օժանդակութիւններու ընթացքը կարելի չէ քաղաքականացնել, իսկ Սուրիոյ ժողովուրդին տրամադրուած մարդասիրական օժանդակութիւնները, մեկնելով ՄԱԿ-ի չափանիշերէն, շատ քիչ կը համարուին, կարելի է ըսել բնակչութեան կարիքին կէսը կը կազմեն։
Լաւրով այնուհետեւ անդրադարձաւ Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներու շարունակման կարեւորութեան, յայտնելով, որ այդպիսով միայն կարելի կը դառնայ Սուրիոյ տնտեսութիւնը վերակենդանացնել։
Այս առիթով Լաւրով շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ՄԱԿ-ի յարկէն ներս որոշումներ գոյացնել այս հարցերուն շուրջ եւ հետաքրքրութեան արժանացնել Սուրիոյ ժողովուրդին դիմագրաւած սոսկալի տագնապին յաղթահարման ելքերը։