Սուրիոյ պատերազմէն շա՜տ առաջ արդէն վարժ եղած ենք, որպէս հայեր, գաղթելու. Սուրիոյ պատերազմին ստեղծած կացութիւնը, սակայն, շատ աւելի բարդ էր, աւելի նման Գաղթականութեան օրերուն, երբ գրեթէ ոչինչ կարելի էր առնել տան իրերէն, նոյնիսկ ամէնէն փոքր իրերէն:
Վերջերս շատեր երբ ելան իրենց տան դռնէն, կեցան սեմին, աչք մը նետեցին տան վրայ, նախազգալով կարծես որ կրնան ա՛լ չտեսնել այն բոլորը, որ հաւաքեր էին շիւղ առ շիւղ եւ տուն կազմեր:
Անոնք, որոնք առիթ ունեցան քիչ մը աւելի երկար մտածելու իրենց ճամբորդութեան մասին, անճրկած մնացին տանելիքին եւ ձգելիքին միջեւ. տան մը ամէնէն ապուշ իրերն անգամ իմաստ ունին տանտիրոջ համար, որովհետեւ իրենց մէջ կը կրեն յիշատակներ, ստացուած կամ գնուած պահուն ապրումները, որոնք երբե՛ք չեն մոռցուիր եւ այդ իրերուն կու տան արժէք մը, որ շա՜տ աւելին է, քան իրենց իսկական արժէքը:
Յետոյ գաղթեցինք, մօտիկ թէ հեռու երկիրներ հասանք, քաղաքներ ընտրեցինք եւ սկիզբէն սկսանք տուն-տեղ կազմել: Բայց մեր դասը սորվեր էինք. ա՛լ աւելորդ իրեր չունեցանք մեր տուներուն մէջ, որովհետեւ ա՛լ տունը մերը չէ, քաղաքը մերը չէ, երկիրը մերը չէ:
Բայց կան ուրիշներ, որոնց համար ի սկզբանէ իրերը իմաստ չունին, անոնք չեն կապուիր իրերու, այլ կեանքը կ’ապրին կարելիին չափ թեթեւ, պարպած իրենց նիւթեղէն ճամպրուկները, թերեւս նաեւ անոր համար, որ հոգիի ճամպրուկները ծանրացեր էին, շա՜տ ծանրացեր էին:
«Թեթեւ» ապրող մըն է նաեւ այսօր արդէն աշխարհահռչակ դարձած ֆրանսահայ Ֆրանսիս Քիւրքճեան, բոյրերու վարպետն ու Քրիստիան Տիոր տան բոյրերու բաժնի նորանշանակ տնօրէնը (2022-ին նշանակուած): Քիւրքճեանի ծնողները արեւմտահայաստանէն գաղթած են նախ Հալէպ, ապա Փարիզ հաստատուած, ուր ծներ է Քրիստիան, 1969 թուականին: Իր մեծ հօրեղբայրը երաժիշտ Արա Պարթեւեանն է, մօրենական մեծ հայրը եղած է տղամարդոց դերձակ, իսկ հօրենական մեծ հայրը՝ մուշտակի վաճառական, ուրկէ եկած է իրենց Քիւրքճեան մականունը:
Չկայ նորաձեւութեան աշխարհահռչակ տուն մը, որուն համար Քիւրքճեան բոյր մը կամ բոյրեր ստեղծած չըլլայ. իր առաջին աշխատանքը եղած է Jean-Paul Gaultier-ի համար Le MՉle բոյրը, 1995-ին. ստեղծած է Elizabeth Arden-ի համար Green Tea բոյրը, 1999-ին. բազմաթիւ բոյրեր ստեղծած է Kenzo-ի, Lancaster-ի LancՒme-ի, Lanvin-ի, Nina
Ricci-ի եւ նորաձեւութեան բազմաթիւ այլ տուներու համար:
Իր հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, երբ հարց կը տրուի՝ «Եթէ արտօնուէր քեզի միայն 12 քիլօ ապրանք առնել հետդ ճամբորդութեան ընթացքին, ի՞նչ պիտի ուզէիր առնել», Քիւրքճեան կը պատասխանէ.
«Գաղթականներու ընտանիքէ մը կը սերիմ երկու ծնողներուս ալ կողմէ: Մեծ հայրերս պարտադրուեր էին ամէն բան ձգել իրենց ետին մէկ օրէն միւսը: Ասիկա է իմ ժառանգութիւնս: Ես իրերու չեմ կապուիր, ատիկա սակայն չ’արգիլեր սէրս գեղեցիկ իրերու հանդէպ, բայց ոչ այնքան բուռն կերպով, որ ուզեմ զանոնք հետս ունենալ ամայի կղզիի մը վրայ: Ասիկա ինծի ազատութիւն կը պարգեւէ: Շատեր իրենց ունեցած իրերով կը կաշկանդուին: Ես կատարելապէս հանգիստ եմ այն գաղափարով, որ պէտք է նուազումի վարժուինք այս օրերուն: Երբ փոքր էի, մեր հագուստները մենք կը նորոգէինք, ջուրը չէինք վատներ, լոյսերը անպայմա՛ն պէտք էր մարէինք սենեակէն ելլելէ ետք. մայրս սովորութիւն ունէր ըսելու՝ «Ասիկա Վէրսայի պալատը չէ»: Սակայն երբեք զրկուած չենք զգացած մենք մեզ»:
«Նոր պաշտօնս Տիորէն ներս կը պարտադրէ, որ հանդիպիմ բոյրի համար ծաղիկներ աճեցնող պարտիզպաններու հետ. իրենց միջոցով ես անմիջական կապի մէջ եմ կլիմայական փոփոխութիւններու արդիւնքներուն հետ: Ինքզինքիս հարց կու տամ՝ «որպէս բոյրեր ստեղծող վարպետ, ի՞նչ կրնամ ընել, ինչպէ՞ս կրնամ նուազումի երթալ համակարգի մը մէջ, որ անընդհատ աճելու կը ձգտի»: Այստեղ է ահա որ ամէն բան կը սկսի բարդանալ»:
Հայրը՝ Պետրոս Քիւրքճեան, իսկ մայրը ֆրանսուհի   Sylvia Florette …  իրապէս տպաւորիչ է կարդալ կիսով հայ Քիւրքճեանի հայու իր ժառանգութիւնը ստանձնելու կեցուածքը. եւ ոչ միայն, նաեւ յանձնառութիւնը բնութեան հանդէպ. մանաւանդ գիտակցութիւնը՝ թէ իրերու կապուիլը առաջին հերթին կը կաշկանդէ մարդ արարածը:
Միւս կողմէ, սակայն, մարդկային շատ բնական հակում է ինքզինք գեղեցկութեամբ շրջապատելը. պարզ գիւղացիներն անգամ իրենք զիրենք կը շրջապատեն բնութեան գեղեցկութիւններով ՝ պարտէզներով, այգիներով, պտղատու ծառերով, որոնք աշխարհի ամէնէն բնական եւ ամէնէն գեղեցիկ գեղօրները կրնան համարուիլ:
Եթէ ուշադրութիւն դարձնենք, պիտի տեսնենք թէ բոլոր անոնք, որոնք հաստատ տուն-տեղ չունին, բնութեան նուազագոյն գեղեցկութիւնը տեսնելու եւ վայելելու աչք չունին, կռուազան, վայրենի խառնուածքով, ընդհանրապէս վարձկան զինուորներ կ’ըլլան, որոնց մէջ վայրագութիւնը դարձած է բնական եւ սպանելը՝ հաճոյք:
Հետեւաբար ի՞նչ ընել. զրկուի՞լ գեղեցիկ իրերու վայելքէն, թէ՞ կառչիլ անոնց:
Երբ զաւակներս գացին իրենց կեանքը ապրելու Հալէպ-Սուրիայէն դուրս, եւ երբ գրադարանիս գիրքերը աւելի եւ աւելի կը շատնային ամէն օր, ինծի համար իրապէ՛ս տագնապալի դարձաւ այդ գիրքերուն ապագայ ճակատագիրը, թէեւ տակաւին Հալէպը իր խաղաղ եւ գեղեցիկ օրերուն մէջ էր: Գիշերները քունս կը կորսնցնէի մտածելով՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ այսքան գիրքը: Յետոյ այլ մտածում մը եկաւ խաղաղեցնել հոգիս՝ այս գիրքերը այսօր ինծի մեծ հաճոյք կը պատճառեն. երբ ես ա՛լ չըլլամ, անոնք իրենց ծառայութիւնը լիովին կատարած պիտի ըլլան, հետեւաբար …
Այսօր սակայն, երբ ես այլ վայրի մը մէջ կ’ապրիմ եւ գիրքերս որբ ու անպաշտպան մնացեր են հոն, կրկին կ’իյնամ նոյն տագնապին մէջ.  բայց ասիկա այլ թեմա է արդէն:
«Տխուրը այն է, որ երբ մէկը գայ իրերս դասդասել ինձմէ ետք, բնաւ պիտի չհասկնայ, թէ ինչո՛ւ այդքան սիրած եմ զիրենք, պիտի չտեսնէ ա՛յն բաժինը, որ խօսած է ինծի» կ’ըսէ ամերիկացի բանաստեղծ Ֆրանք Պիտար, որ նաեւ հաւաքող մը եղած է գիրքերու, գեղանկարներու, հին եւ նոր խտասալիկներու, կապոյտ ճառագայթներու եւ այլն:
Բայց եկէք ընդունինք, որ այսքան տագնապներէ ետք, բոլորս ալ սկըսանք վերադասաւորել մեր առաջնահերթութիւնները …
Կը կարծեմ, թէ գոնէ՛ ասիկա դրական բան է ի վերջոյ:
Մարուշ Երամեան