Համաշխարհային սակարանէն ներս ունկիի գինի բարձրացման զուգահեռ, սուրիական շուկային մէջ ոսկիին գինը աննախընթաց բարձրացում արձանագրեց։ Սուրիոյ Ոսկերիչներու Միութեան հրապարակած ցուցակին համաձայն, ոսկիի 1 կրամին գինը (21 կարատ) հասաւ 352.000 ս.ո.-ի, մինչդեռ 18 կարատի մէկ կրամը՝ 301.714 ս.ո.։