Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Ապտուլ Ֆաթթահ աս-Սիսին յառաջիկայ օրերուն Երեւանի պաշտօնական հրաւէրով առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կ’այցելէ: Նախագահին այցելութիւնը տարածաշրջանային է: Ան պիտի այցելէ նաեւ Ատրպէյճան: Ինչ որ կը յուշէ, թէ այցելութեան ընթացքին կրնան ըլլալ նաեւ քաղաքական նշանակութեամբ յայտարարութիւններ:
Հայաստան-Եգիպտոս դիւանագիտական երկկողմ յարաբերութիւնները 31 տարուան կեանք ունին: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են  31 տարի առաջ, 9 Մարտ 1992-ին:
Հայաստան Գահիրէի մէջ դեսպանութիւն բացած է Սեպտեմբեր 1992-ին, իսկ Ապրիլ 1993-էն ի վեր Երեւանի մէջ կը գործէ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան դեսպանութիւնը:
Երկու ժողովուրդներուն միջեւ առկայ է պատմական բարեկամութիւն եւ փոխադարձ վստահութիւն: Թէեւ Եգիպտոս-Հայաստան ապրանքաշրջանառութիւնը որոշ մակարդակ նուաճած է, սակայն տնտեսական յարաբերութիւնները, յատկապէս զբօսաշրջութիւնն ու առեւտուրը զարգանալու բազում կարելիութիւններ ունին, նկատի ունենալով Եգիպտոսի մեծ շուկան, իսկ Հայաստանի` աշխարհաքաղաքական դիրքը:
Անկախ տնտեսական յարաբերութիւններէն, Եգիպտոս քաղաքական առումով միշտ ալ դրական դերակատարութիւն ունեցած է հայ ժողովուրդի իրաւունքներու, մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի արծարծման մէջ, նկատի ունենալով նաեւ իր ունեցած այդ օրերու հսկայ արխիւն ու քաղաքական անկայուն յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ: Արցախի նախկին արտաքին գործոց նախարարը այցելած է Եգիպտոս եւ խորհրդակցած Արցախի հետ տնտեսական գործակցութեան որոշ ոլորտներու ստեղծման շուրջ:  Արցախի տագնապին գծով Եգիպտոսի դիրքորոշումը միշտ ալ եղած է հարցի խաղաղ կարգաւորման եւ միջազգային օրէնքի պահպանման շրջագիծին մէջ:
Եգիպտոսի հայ համայնքը նշանակալից դերակատարութիւն ունեցած է Սփիւռքի կազմաւորման սկզբնական տարիներուն յատկապէս, իսկ վերջին տարիներուն Հայ Դատի Եգիպտոսի յանձնախումբը եգիպտացի մտաւորականներու եւ քաղաքական գործիչներու հետ աշխոյժ աշխատանք ծաւալած է:
Հարաւային Կովկասի ներկայ լարուած վիճակի լոյսին տակ, Եգիպտոս – Հայաստան յարաբերութիւններու վերաշխուժացումը տնտեսականին կողքին կրնայ քաղաքական անդրադարձ ունենալ նաեւ, եթէ նկատի ունենանք արաբական աշխարհին մէջ կշիռք վայելող եւ թրքական  քաղաքականութեան հետ հակադրուող Եգիպտոսի ներկայ քաղաքական յարաբերութիւնները Իրանի, Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներու, արաբական աշխարհի ու Չինաստանի հետ: