Երբ սեղանն է սեղանակիցէն աւելի ախորժելի
Երբ դագաղն է մահացողէն աւելի յարգելի
Երբ գիրքն է հեղինակէն աւելի օրինակելի
Երբ խօսքն է գործէն աւելի լսելի
Երբ եսն է մենքէն աւելի ցանկալի
Երբ սխալն է ճիշդէն աւելի փափաքելի
Երբ մեղքն է արդարութենէն աւելի սիրելի
Երբ հնձելն է ցանելէն աւելի նախընտրելի
Երբ բամբասանքն է աղօթքէն աւելի ուրախալի
Երբ սուտն է անփոխարինելի
Կը նայիմ ու կը նկատեմ թէ մենք եղած ենք զարմանալի։
Երբ շողոքորթը կը նկատուի երանելի
Երբ հրաշք ակնկալելն է ոմանց  համար ծիծաղելի
Երբ դրամասէր ըլլալն է սուրբ գործէն աւելի թելադրելի
Երբ ինչ-ինչ կուռքեր դարձած են պաշտելի
Երբ բարի յիշեցումներ եղած են անբաղձալի
Երբ արթուն խիղճին արդար պոռթկումն է զզուելի
Երբ խաբեբայութիւնն է խրատէն աւելի գնահատելի
Երբ այլամերժութիւնն է ընդհանրապէս անայպանելի
Երբ կը մոռնանք Աստուածաշունչին պատգամը անժամանցելի
Երբ անառակ վարք ու բարքն է մեր առօրեայէն անբաժանելի
Կը զղջամ ու կը տեսնեմ թէ մեղքերն են գարշելի։
Երբ կեղծիքը կը սեպուի յաջողութեան բանալի
Երբ կասկածն է արգելք անյաղթահարելի
Երբ նախանձին դերն է անժխտելի
Երբ մահամերձ խիղճն է ընդունելի
Երբ անյագ շահիլն է միայն հաճելի
Երբ ամօթալի արարքներն են յիշատակելի
Երբ անմարդկային պատկերներն են տօնելի
Երբ երազն ու տեսիլքը եղած են դատապարտելի
Երբ բարիին բացակայութիւնն է ողջունելի
Երբ պղծասիրութիւնն է շատերո՜ւ համար գովելի։
Ուստի, կը խոստովանիմ թէ միայն առ Աստուած դարձով վերականգնիլն է կարելի։
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան