ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ Ֆութպոլի Դաշնութիւնը բանակցութիւններ կը վարէ երեք օտար մարզիչներու հետ՝ անոնցմէ մէկուն վստահելու տղոց Ա. հաւաքականի մարզիչութեան պաշտօնը: Ըստ դաշնութեան պաշտօնական կայքէջին, յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի յայտարարուի անոր անունը:
– Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 9-րդ փուլի մրցումներու շրջագիծին մէջ, Լաթաքիոյ մէջ Հալէպի Իթթիհատը 2 – 0 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել հիւրընկալ Հըթթինը, իսկ Հոմսի զոյգ խումբերուն՝ Քարամէյին եւ Ուասպէյին միջեւ կայացած հանդիպումը աւարտեցաւ 0 – 0 հաւասարութեամբ: 1 – 1 հաւասարութեամբ աւարտեցաւ Ճապլէի եւ Ճէյշի հանդիպումը, իսկ Դամասկոսի Ուահտէն 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թալիան: Վերջին տարիներու ախոյեան՝ Թըշրինը, շարունակելով իր դրական արդիւնքները կրցաւ 2 – 0 արդիւնքով յաղթել Մաճըտին: Աւելցնենք, որ Ուասպէն, Ճէյշը եւ Իթթիհատը 16 կէտով կը գրաւեն աղիւսակին առաջին դիրքը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ԻՒՐԿԷՆ ԿԼՈՊ ՄԱՐԶԻՉՈՒԹԵԱՆ ԻՐ 1000-ՐԴ ՄՐՑՈՒՄԸ ԳԼԽԱՒՈՐԵՑ 
Անգլիոյ փոխախոյեան, Լիվերփուլի գերմանացի գլխաւոր մարզիչ Իւրկէն Կլոպ գլխաւորեց մարզիչութեան ասպարէզի իր 1000-րդ հանդիպումը: Անգլիական «Փրեմիէր լիկ»-ի մամլոյ ծառայութիւնը պաշտօնական կայքէջին վրայ շնորհաւորեց գերմանացի մասնագէտը՝ անոր մաղթելով յաջող արդիւնք Լիվըրփուլի կազմին հետ: Անգլիոյ առաջնութեան 21-րդ փուլի մրցումներու շրջագիծին մէջ Լիվերփուլ իր դաշտին վրայ 0 – 0 արդիւնքով հաւասարեցաւ լոնտոնեան Չելսիին հետ:
Յիշենք, որ Կլոպ 2001-2008-ին գլխաւորած էր գերմանական «Մայնցը» (270 խաղ), 2008-2015-ին՝ Պորիսիա Տորթմոնտը (319 խաղ), 2015-էն մինչեւ օրս Լիվերփուլը (411 խաղ) :
ԶԻՏԱՆ ՓԱՓԱՔ ՈՒՆԻ ՄԱՐԶԵԼ ԻՒՎԷՆԹՈՒՍԸ 
Ըստ ֆրանսական L’Equipe-ին, սպանական Ռէալ Մատրիտի նախկին գլխաւոր մարզիչ Զենըտտին Զիտան փափաք յայտնած է մարզելու Թուրինի Իւվէնթուսը եւ մտադիր է մարզիչութեան ասպարէզ վերադառնալ միայն այդ խումբին հետ: Ֆրանսայի հաւաքականի կազմին հետ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացող Զիտան որպէս խաղացող մաս կազմած է Իւվէնթուսին 1996-էն 2001: Զիտան գլխաւոր մարզիչի աշխատանք ունեցած է միայն Ռէալ Մատրիտի հետ, որուն հետ նուաճած է 11 տիտղոս: Վերջերս ան մերժած է Փորթուկալի, Պրազիլի, Ամերիկայի եւ Միացեալ Էմիրութիւններու հաւաքականներու մարզիչութիւնը: Ան փափաք ունէր փոխարինելու Ֆրանսայի հաւաքականի Տիտիէ Տեշամփը, սակայն Ֆրանսայի Ֆութպոլի Դաշնութիւնը վերանորոգելէ ետք անոր հետ պայմանագրութիւնը  Զիտան սկսաւ տարբեր ուղղութեամբ մտածել:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան