Երկրաշարժներու սուրիական ազգային կեդրոնը հաղորդեց, որ Կիրակի, 29 Յունուար 2023-ի երեկոյեան ժամը 19:12-ին, 4,3 աստիճան ուժգնութեամբ, Լաթաքիոյ հիւսիս-արեւմտեան բաժինէն 22 քլմ. հեռաւորութեան վրայ, 13 քլմ. խորութեան երկրաշարժ մը տեղի ունեցաւ, որ ցնցեց Սուրիոյ ծովափնեայ շրջանը։
Երկրաշարժը զգալի դարձաւ Սուրիոյ Լաթաքիա, Թարթուս, Իտլիպ եւ Հալէպ նահանգներուն մէջ։