Իրանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Կիրակի, 29 Յունուարին հաղորդեց, որ դէմ դրած է անօդաչու թռչող սարքերով Իսֆահանի մէջ իր կեդրոններէն մէկուն վրայ յարձակումի մը:
Press TV-ի համաձայն, շաբաթ ուշ երեկոյեան պայթում մը գրանցուած է Իսֆահանի պաշտպանական համալիրներէն մէկուն մէջ։
Ըստ նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, ձախողած յարձակումը կատարուած է անօդաչու թռչող սարքերով, իսկ անոր թիրախն էր պաշտպանութեան նախարարութեան պատկանող զինուորական ճարտարարուեստի համալիրներէն մէկը:
Անօդաչու թռչող սարքերէն մէկը վար առնուած է, իսկ մնացեալ երկուքը ինկած են պաշտպանական թակարդներու մէջ եւ վնասազերծուած:
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ յարձակումին պատճառով մարդկային կամ նիւթական վնասներ չեն արձանագրուած:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտնեց, որ «այն ինչ որ տեղի ունեցաւ Իսֆահանի մէջ Իրանի թշնամիներուն կողմէ երկրին կայունութիւնը քայքայելու փորձերու ծիրին մէջ է»` աւելցնելով. «Պաշտպանական ուժերը ձախողութեան մատնեցին այս փորձը»:
«Թշնամիներու այս փորձերը չեն կրնար տկարացնել Իրանի` իր խաղաղ հիւլէական ծրագիրը յառաջ մղելու կամքը», ըսաւ իրանեան դիւանագիտութեան պետը:
Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին, երեք անօդաչու թռչող սարքերը թռիչք առած են իրանեան հողերէ: