Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախացումէն ի վեր իր աշխատանքները գլխաւորաբար կեդրոնացուցած է հայրենիքի հզօրացման՝ յատկապէս քաջարի Արցախի ժողովուրդի բարօրութեան համար։

Արցախի Հանրապետութիւնը աւելի քան յիսուն օր շրջափակման մէջ է, եւ 120․000 արցախահայերը գոյատեւման պայքար կը մղեն Արցախը կանգուն պահելու համար։

Խորապէս կը գիտակցինք, որ դժուարին այս օրերուն ճգնաժամը դիմագրաւելու համար Արցախը աւելի քան երբեք մեր միասնութեան եւ օգնութեան կարիքը ունի։

Կարեւոր այս հրամայականին հիման վրայ, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ մնալով «ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» իմաստալից իր կարգախօսին, ՀՕՄ-ի Հայաստանի շրջանը շուրջ 10 թոն պարենամթերք յանձնած է Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան։

Մենք միշտ Արցախի կողքին ենք։ Օրհասական այս օրերուն կոչ կ՚ուղղենք ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին ու համայն հայութեան՝ օգնութեան ձեռք մեկնելու քաջարի արցախահայութեան, որ հերոսաբար կառչած է պապենական մեր հողերուն եւ արթուն պահակն է արեան գնով ազատագրած իր հայրենիքին։

Արցախը մերն է եւ հայկական պիտի մնայ։

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ