Ռուսական կողմը պատրաստակամ է Մոսկուայի մէջ կազմակերպելու Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի հարցով երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններու հերթական փուլը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, վկայակոչելով Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կայքը, այս մասին նշուած է Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:

«Նախարարները քննարկած են Լաչինի միջանցքին շուրջ իրավիճակի կարգաւորման ուղիները: Շեշտուած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն հիման վրայ հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման բոլոր ուղիներով աշխատանքի վերականգնման կարեւորութիւնը: Ռուսական կողմը հաստատած է Մոսկուայի մէջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի հարցով երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններու հերթական փուլը կազմակերպելու պատրաստակամութիւնը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: