Եւրոպական խորհրդարանը ընդունած է «Մշակոյթի համար նոր եւրոպական օրակարգի եւ միջազգային մշակութային յարաբերութիւններու համար ԵՄ նոր ռազմավարութեան իրականացում» բանաձեւը։
Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը վկայակոչելով ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի և մարմնամարզի նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը: Բանաձեւը անդրադարձ կատարած է հակամարտային գօտիներու մէջ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան հարցերուն եւ դատապարտած է վերջին հակամարտութիւններու ընթացքին պատմական, գեղարուեստական եւ մշակութային ժառանգութեան նպատակաուղղուած ոչնչացումը։
Եւրոպական խորհրդարանի անվտանգային ու պաշտպանական հարցերով ենթակոմիտէի նախագահ Նաթալի Լուազոյի (Nathalie LOISEAU/Renew Europe/ Ֆրանսա) ստորագրած եւ նոյն խմբակցութեան անդամ Փեթրաս Աուստրեւիչուսի (Petras AUŠTREVIČIUS/Լիտվիա) կողմէ համաստորագրուած լրամշակման հիման վրայ յստակօրէն կը քննադատուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային արժէքներու ոչնչացման Ատրպէյճանի շարունակական քաղաքականութիւնը: