Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Փաշինեան անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի շրջափակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին եւ կարեւոր նկատած անոր յաղթահարման համար Ռուսիոյ կողմէ անհրաժեշտ քայլերու որդեգրումը:
Այս շրջագիծին մէջ անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան:
Զրուցակիցները քննարկած են 9 Նոյեմբեր 2020-ին, 11 Յունուար, 26 Նոյեմբեր 2021-ին եւ 31 Հոկտեմբեր 2022-ին ստորագրուած Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ համաձայնութիւններու իրականացման առնչուող հարցեր:
Միտքեր փոխանակուած են նաեւ հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգային այլ հարցերու շուրջ: