«ՄԱԿ-ի արդարադատութեան միջազգային դատարանէն ներս Ատրպէյճանին ներկայացուցած միջանկեալ միջոցներու դիմումը կը ներկայացնէ կեղծ եւ անիրական պահանջ», ՄԱԿ-ի արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանին ներկայացուցած հայցի քննարկումին մասին իր ամփոփիչ ելոյթին մէջ յայտնած է Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան, աւելցնելով, որ Հայաստան կը խնդրէ դատարանէն մերժել Ատրպէյճանի ներկայացուցած հայցը: «Հայցը նախատեսուած է կեղծ հաւասարութեան տպաւորութիւն ստեղծելու համար: Մեկնելով բանաւոր ելոյթներէն` Հայաստան դատարանէն խնդրած է ամբողջապէս մերժել Ատրպէյճանին կողմէ միջանկեալ միջոցներու հայցը», ըսած է Կիրակոսեան: Եզրափակելով Կիրակոսեան շնորհակալութիւն յայտնած է ՄԱԿ-ի արդարադատութեան միջազգային դատարանին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ պատուիրակութիւնը ընդունելուն համար:
30 Յունուարին ՄԱԿ-ի արդարադարտութեան միջազգային դատարանին մէջ տեղի ունեցած են Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի հայցին լսումները։ Լսումներու ընթացքին յստակօրէն ներկայացուած են Բերձորի միջանցքին շրջափակման իրողութիւնը եւ անոր հետեւանքով Արցախի բնակչութեան կենցաղային ծանր պայմանները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ կազի, ելեկտրականութեան եւ համացանցի անջատումները ու յառաջացած ճգնաժամային վիճակը: