Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան մեկնեցաւ Լիբանան, որմէ ետք պիտի ուղղուի Եգիպտոս՝ մասնակցելու Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան 19-րդ լիակատար ժողովին։
Սրբազան հայրը անդամ է միջազգային յանձնաժողովի միացեալ յանձնախումբին եւ կը ներկայացնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։
Լիակատար ժողովը տեղի պիտի ունենայ Եգիպտոս՝ Ուատի ալ-Նաթրունի «ԼՈԿՈՍ» կեդրոնին մէջ, 30 Յունուար 2023-էն մինչեւ 5 Փետրուար 2023 օրերու ընթացքին։