Իրանի զինուորական կեդրոններէն մէկուն վրայ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումին անդրադառնալով, օրեր առաջ իրանագէտ Ահարոն Վարդանեան ըսաւ, որ կան կարծիքներ եւ տեսակէտներ նոյնիսկ Իրանի մէջ, թէ Ատրպէյճան ներգրաւուած է Իսրայէլի կողմէ կազմակերպուած յարձակումներուն, հակառակ անոր որ պաշտօնապէս ոչ մէկը գիտէ, որ Իսրայէլն է, բայց ամէն պարագայի բոլորը կը խօսին որ Իսրայէլ կանգնած է այդ յարձակումին ետին:
«ԱԹՍ-ի (անօդաչու թռչող սարք) մէկ մասի յարձակումը տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի Հանրապետութենէն: Ինչ կը վերաբերի Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած Պաքուի դեսպանատան վրայ յարձակումին՝ չեմ կարծեր, որ միմեանց հետ շաղկապուած ըլլան, քանի որ հազիւ թէ Ատրպէյճան իմանար, թէ Թեհրանի մէջ իր դեսպանատան վրայ յարձակում եղած ըլլար: Եթէ Ատրպէյճան իմացած է այդ մասին, սա կը նշանակէ, որ Ատրպէյճան ինք կազմակերպած է իր դեսպանատան վրայ յարձակումը, քանի որ յարձակողը եղած է Մարանդէն՝ Մոճայ Հենտի Խալղը, ըստ իրանական տեղեկութիւններուն, յարձակողին եղբայրը Ուրմիոյ մէջ ունի Ֆիզուլի անունով գրախանութ, որ կը հանդիսանայ փանթուրքիստներու որջ, հաւաքատեղի, այսինքն յարձակողի եղբայրը կապ ունի փանթուրքիստներու հետ,  նիւթական օժանդակութիւն կը ստանայ կա՛մ Թուրքիայէն, կա՛մ Պաքուէն: Փանթուրքիստներուն նիւթապէս կը սատարեն այս երկու պետութիւնները: Եւ եթէ այս տեղեկութիւնը ճիշդ է եւ պաշտօնապէս հաստատուի, որոշակիօրէն հիմք կու տայ ընդունելու, որ նոյնիսկ դեսպանատան վրայ կատարուած յարձակումը կազմակերպուած է այլ տեղերէ եւ չի բացառուիր, որ այդ ալ շղթայ մըն է այս ԱԹՍ-ներու յարձակման հետ կապուած», ըսաւ ան:
Անոր համաձայն, «եթէ ընդունինք Ազար Շահրի մէջ տեղի ունեցած մեքենաներու շարժիչներու իւղերու վերամշակման գործարանի պայթումը , որ կը նշուի, թէ թեքնիք պատճառով է, բայց ամէն պարագայի, եթէ ընդունինք, որ այդ ալ եղած է ԱԹՍ-ներու յարձակման հետեւանքով, կը նշանակէ, որ ԱԹՍ-ները հազիւ թէ Իսրայէլէն ուղղորդուած ըլլային եւ կառավարուէին, պէտք է մօտիկ ինչ-որ հատուածէ կառավարուէին, սա կը նշէ ատրպէյճանական հանրապետութիւնը, որովհետեւ Ատրպէյճան սերտ յարաբերութիւններ ունի Իսրայէլի հետ, Իսրայէլ այնտեղ ունի ռազմական ուղղուածութիւն, մանաւանդ Արցախէն բռնազատուած տարածքներուն մէջ Ատրպէյճան որոշակի հատուածներ տուած է Իսրայէլին, իսկ վերջինը այնտեղ  կը փորձէ կառուցել «խելացի գիւղեր» եւ գիւղատնտեսական ներդրումներ ընել: Մենք գիտենք, թէ այդ ամէնը ինչ կրնայ նշանակել: Այնտեղ է նաեւ Վարանդայի օդակայանը, որ կրնայ հանդիսանալ ռազմական յենակէտ:  Նմանատիպ փորձ Պաքուն ունեցած է 2014-ին, երբ Նաթանզի միջուկային կեդրոնի վրայ յարձակում տեղի ունեցած էր, կը նշուէր, որ ԱԹՍ-ի ուղղորդումը եղած էր Նախիջեւանէն, կրկին ատրպէյճանական հանրապետութեան մաս կազմող հատուածէն, եւ եղած է իսրայէլական ԱԹՍ: Նմանատիպ փորձ Պաքուն ունի: Ներկայիս շատ լրջօրէն կը քննարկուի այն տարբերակը, որ Իրանի վրայ տեղի ունեցած յարձակումին մասնակցած է նաեւ Պաքուն», ըսաւ իրանագէտը:
Իրանագէտին համաձայն, փորձ կը կատարուի Իրանը ներքաշելու պատերազմի մէջ եւ սա առաջին պարագան չէ. «Անոնք տեւաբար կը դիմեն այդ միջոցին, լաւագոյն օրինակներէն մէկը Ղասէմ Սուլէյմանի սպանութիւնն էր, բայց Իրան միշտ կրցած է զուսպ կեցուածք ունենալ եւ չներքաշուիլ լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններու մէջ, որովհետեւ կը գիտակցի  նման  քայլի իրեն համար ներկայացուցած վտանգին: Այս պարագային ալ, ինչքան ալ փորձեն Իրանը ներքաշել խոր եւ լայնածաւալ գործողութիւններու մէջ՝ Իրանը պիտի փորձէ սադրանքներուն չյանձնուիլ, բայց  ատիկա չի նշանակեր, որ Իրան պիտի չպատասխանէ այս գործողութիւններուն: Ըստ իս կը պատասխանէ անհամաչափ հարուածներով, իսկ թէ հարուածները ուրկէ՛  կ’ըլլան, դժուար է ըսել, ատիկա պարզապէս գուշակութիւն կ’ըլլայ, որովհետեւ չունիմ որեւէ տեղեկութիւն, վերլուծութիւններու վրայ ալ հազիւ կարենամ հիմնուիլ ըսելու, թէ Իրան ինչպէս կը պատասխանէ, բայց  վստահ եմ որ կը պատասխանէ բաւական խիստ, իսկ լայնածաւալ գործողութիւններ այս պահուն հազիւ թէ տեղի ունենան», ըսաւ ան: