Ամէն դաշնամուր տեսնելուս կը յուզուիմ,- ըսաւ Պէն։
-Իսկապէ՞ս ,- հարցուց Էմմա,- ինչո՞ւ։
-Ի՞նչ գիտեմ,-  պատասխանեց Պէն,- կ’ուզե՞ս մտնենք այս վաճառատունն ու փորձենք անկիւնի փոքր դաշնամուրը։
-Նուագել գիտե՞ս,- հարցուց էմմա։
-Եթէ ըրածս նուագել համարես,- պատասխանեց Պէն։
-Ի՞նչ է մասնագիտութիւնդ։
-Հիմա կը տեսնես,- ըսաւ Պէն։
Անոնք վաճառատուն մտան եւ ուղղուեցան դէպի անկիւնի փոքր դաշնամուրը։ Յանկարծ Էմման նշմարեց, որ Պէն կը  ժպտի ու զարմացաւ  նկատելով որ շատ բան չէր գիտեր իր մասին։ Ան խորհած էր թէ ճանչցած էր զինք, բայց այդ պահուն հակառակը պարզուեցաւ։ Պէն դաշնամուրին գլուխը անցաւ եւ ուշադրութեամբ զննեց գործիքը։
«Հաւանաբար Պէն դաշնամուրային լաւ կատարում մը լսած ու այնքան տպաւորուած էր, որ ամէն ստեղնաշար կամ դաշնամուրի նման գործիք մը տեսնելուն կը վերյիշէր այդ երաժշտութիւնն ու նուագելու անդիմադրելի փափաք մը կ’արթննար մէջը», խորհեցաւ էմմա։
-Նուագել գիտե՞ս,- կրկին հարցուց Պէնին։
Պէն ակնարկ մը նետեց չորս դին, վաճառատան պաշտօնեաները զբաղած կ’երեւէին։
-Չեմ գիտեր,-եղաւ պատասխանը կրկին։
Էմման  նկատեց, որ Պէնի ձեռքերը հանդարտօրէն կը սահին սեւ ու սպիտակ ստեղներուն վրայ, յար եւ նման հմուտ դաշնակահարի մը ձեռքերուն,  ինչ որ շատ անսովոր  թուեցաւ իրեն։ Ան իսկոյն կռահեց, որ կողքը կանգնած է անձ մը, որ երկար ատեն կը փորձէ ինքզինք արտայայտել, հաւանաբար ուրիշ մը շատ աւելի երկար ժամանակի պիտի կարօտէր զինք ճանչնալու համար։ Պէն նուագել գիտցող մըն էր անպայման…։
Պէն քանի մը մեղմ աքորտ նուագեց։ Ոչ ոք մօտեցաւ բան մը վաճառելու իրեն։ Ուստի, դաշնամուրին դիմաց կանգնած մնալով սկսաւ ընել այն՝ ինչ որ նուագել իսկ չէր համարած…։
Էմման պարզապէս հմայուած էր։
Պէն ընդամէնը կէս վայրկեան նուագեց, ետքը նայուածքը Էմմային ուղղելով ըսաւ.
-Գեղեցիկ կը հնչէ։
– Իմ կարծիքով հիանալի կատարում է,- հաստատեց էմման։
-Նուագելուս չէ  որ կ’ակնարկեմ,- նկատել տուաւ Պէն,- դաշնամուրը ըսել կ’ուզեմ։ Այս դաշնամուրը, հակառակ փոքր ըլլալուն, լաւ հնչեղութիւն ունի:
Այդ պահուն միջին տարիքի պաշտօնեայ մը մօտեցաւ իրենց:
-Բարե՛ւ։
-Բարե՛ւ,- ըսաւ Պէն,- հոյակապ դաշնամուր է։
-Շատ պահանջուած գործիք է,- ըսաւ պաշտօնեան, – յատկապէս բնակարաններու համար։ Բաւական ծախեցինք այս տեսակէն։
-Ինչքա՞ն կ’արժէ,- հարցուց Պէն։
Երկու հարիւր քառասունինը-յիսուն,- պատասխանեց,- կրնաք ամսական մասնավճարներով ալ մուծել անշուշտ։
-Ո՞ւր պատրաստուած է,- հարցուց Պէն։
– Ֆիլատելֆիա կ’ենթադրեմ, բայց վստահ չեմ, կրնամ ստուգել։
-Հարց չէ,- ըսաւ Պէն։
– Կը նուագէ՞ք։
-Ո՛չ, նուագել չեմ գիտեր,- պատասխանեց Պէն։
– Շատ փնտռուած գործիք է,- աւելցուց պաշտօնեան,- անշուշտ կրնանք համաձայնիլ պայմաններուն շուրջ։
Ան նկատեց, որ Պէն կ’ուզէր քիչ մըն ալ փորձել։
-Մօտեցէ՛ք,- ըսաւ,- քիչ մըն ալ փորձեցէ՛ք։
-Նուագել  չեմ գիտեր,- կրկնեց Պէն։
-Բայց լսեցի ձեր կատարումը,- նկատել տուաւ պաշտօնեան։
-Այս ալ կատարո՞ւմ կը համարէք,- պատասխանեց Պէն,- ես ձայնանիշ մ’իսկ կարդալ չեմ գիտեր։
-Բայց ինծի հաճելի թուեցաւ,- պատասխանեց պաշտօնեան։
-Ինծի ալ,- աւելցուց Էմման,- որքա՞ն է առաջին մասնավճարը։
-Օ՜օօ, ընդամէնը քառասուն, յիսուն տոլար,- ըսաւ պաշտօնեան ու Պէնին մօտենալով կրկնեց,- բան մը նուագեցէ՛ք, խնդրեմ, կ’ուզեմ ձեր կատարումը վայելել։
-Եթէ յարմար սրահի մը մէջ ըլլայինք,- պատասխանեց Պէն,- ժամե՜ր կը նստէի այս դաշնամուրին դիմաց ։
-Հարց չէ, քիչ մըն ալ նուագեցէ՛ք,- կրկնեց պաշտօնեան,- ոչ ոք ուշադրութիւն կը դարձնէ ձեզի։
Վաճառողը մօտեցուց աթոռը։ Պէն նստաւ ու սկսաւ ընել այն՝ ինչ նուագել իսկ չէր համարած։ Քանի մը երկվայրկեան փորձեր ըրաւ, ապա շուրջ երկու վայրկեան մեղեդիի նման կտոր մը նուագեց։ Երաժշտութիւնը աւելի մեղմ ու մելամաղձոտ աւարտին հասաւ, իսկ Պէն աւելի ու աւելի հմայուեցաւ դաշնամուրով։ Յետոյ յանկարծ դադրեցուց նուագը եւ ոտքի ելաւ։
-Շնորհակալութիւն,-ըսաւ,- երանի կարենայի գնել…։
-Հոգ չէ,- աւելցուց պաշտօնեան։
Պէնն ու էմման վաճառատունէն դուրս ելան։
Երբ կը քալէին Էմման ըսաւ.
-Տեղեակ չէի, Պէ՛ն։
-Ինչէ՞ն,- հարցուց Պէն։
-Քեզմէ։
-Ինձմէ՞ ։
-Այսպիսի ձիրք ունենալէդ։
-Աղէկ, ճաշի ժամն է արդէն։ Երեկոները յաճախ կը մտածեմ, թէ ինչ լաւ կ’ըլլար եթէ դաշնամուր մը ունենայի։
Անոնք փոքր ճաշարան մը մտան, տեղաւորուեցան պատուէրներ ընդունողին մօտ ու երկու ակրատ, երկու գաւաթ ալ սուրճ ապսպրեցին։
-Ե՞րբ սորված ես նուագել,- զարմանքով հարցուց Էմման։
-Բնաւ չեմ սորված,-պատասխանեց Պէն,- ուր որ դաշնամուր գտնեմ, կը փորձեմ նուագել։ Այդպէս կ’ընէի պատանութեանս օրերէն։ Ու հայեացքը ուղղելով Էմմային  ժպտեցաւ այնպէս ինչպէս կը ժպտէր երբ դաշնամուրին դիմաց կանգնած ստեղնաշարին կը նայէր։
Էմման շոյուած զգաց։
-Եթէ դրամ չունիս,- ըսաւ Պէն,- իրաւունքդ համարուող շատ մը բաներէ կը զրկուիս։
-Այդպէս է,- աւելցուց Էմման։
-Ասիկա մէկ կողմէն լաւ է,- շարունակեց Պէն,-  միւս կողմէն, սակայն, այնքան ալ լաւ չէ … իրականութեան մէջ՝ սարսափելի է։
Պէն կրկին նոյն խանդաղատանքով  նայեցաւ Էմմային, Էմման ալ նոյն ջերմ ժպիտը փոխանակեց ու ըմբռնեց, որ պահը  դաշնամուրին հետ Պէնի հանդիպումի պահուն կը նմանէր ու Պէն նոյնքան հաճոյքով երկար ժամեր կրնար մնալ իր կողքին… էմմային հոգին ջերմ զգացումներով պարուրուեցաւ։
Քիչ վերջ անոնք դուրս ելան ճաշարանէն, քալեցին երկու թաղ եւ ուղղուեցան Էմմային աշխատավայրը։
-Աղէ՛կ, ցտեսութի՛ւն,- ըսաւ Պէն։
-Ցտեսութի՛ւն,- պատասխանեց Էմման։
Պէն իջաւ փողոցն ի վար, իսկ էմման անցաւ իր գործին։  Ան համոզուած էր, որ Պէն օր մը անպայման պիտի ունենար դաշնամուր մը եւ այն ամէնը ինչ կը փափաքէր ունենալ։
Ուիլիըմ Սարոյեան
Անգլերէնէ թարգմանեց
Զարմիկ Պօղիկեան