Երեքշաբթի, 7 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, ազգայիններու ընկերակցութեամբ զօրակցական այցելութիւն տուաւ ազգային կեդրոններէն ներս ապաստանած հայորդիներուն, որոնք համախմբուած են երկրաշարժի վտանգներէն պաշտպանուելու համար։
Սրբազան Հայրը այցելեց՝ Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Սպիտակ» եւ «Նիու Սպիտակ» սրահները, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ եւ փոքր ներքնասրահները, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքնասրահը, «Սահակ Նալպանտեան» սրահը (նախկին Տիգրանեան), Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի «Զարեհեան» սրահը եւ ՀՄԸՄ-ի ընտանեկան պարտէզը։

Սրբազան հայրը, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հայրապետական օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց սուրիահայութեան, մանաւանդ հալէպահայութեան, վստահեցնելով, որ Վեհափառ Հայրապետը ամէն ճիգ ի գործ դրած է կոչ ուղղելով բոլոր թեմերու Առաջնորդներուն եւ Ազգ. Իշխանութիւններուն՝ նիւթաբարոյական աջակցութեամբ օգտակար դառնալու սուրիահայութեան։
Սրբազան հայրը երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Սուրիոյ Վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին եւ Առաջին Տիկնոջ՝ Ասմա ալ-Ասատին, յատկապէս «ալ-Ամանա ալ-Սուրիէ լիլ-Թանմիէ» բարեսիրական հաստատութեան, որ հսկայ աշխատանք կը տանի զանազան օժանդակութիւններ տրամադրելով Սուրիոյ ժողովուրդին։
Մակար սրբազան գօտեպնդեց ժողովուրդի զաւակները, աղօթեց, որ երկրաշարժի աղէտը վերջ գտնէ եւ մաղթեց, որ դժուարին պայմաններուն մէջ աղօթքով մեր սէրն ու կապուածութիւնը արտայայտենք իրարու նկատմամբ եւ հաւատքով զօրացած յաղթահարենք մեր առջեւ ծառացող բոլոր դժուարութիւնները, ինչպէս մեր պատմութիւնը կը վկայէ։
Սրբազան հայրը աղօթեց երկրաշարժի զոհերուն համար եւ բարի ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն։
Ներկաները, փառք տալով Ամենակալին, միասնաբար «Տէրունական Աղօթք»-ը արտասանեցին։