Չորեքշաբթի, 8 Փետրուար 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հանդիպում ունեցաւ ՀՀ Սուրիոյ Դեսպան մեծարգոյ Տիգրան Գէորգեանին եւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական-Հիւպատոս մեծարգոյ Բաբգէն Պատալեանին հետ, ներկայութեամբ՝ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեանի։

Պարոն դեսպանը Հալէպ ժամանեց ՀՀ կողմէ ուղարկուած շտապ մարմինի մասնագիտական խումբը եւ մարդասիրական օժանդակութեան օդանաւը ընդունելու։ Այս շրջագիծէն ներս, ան պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Սրբազան Հօր, որուն իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրուելուն առիթով։
Հանդիպումին արծարծուեցան սուրիահայութեան եւ մանաւանդ հալէպահայութեան դիմագրաւած ներկայ դժուարին իրավիճակը, երկրաշարժին յառաջացուցած հետեւանքները եւ անոնցմէ դուրս գալու միջոցներ որոնուեցան։ Պարոն Դեսպանը յայտնեց, որ շարունակելով երկու պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական սերտ գործակցութիւնը, այսօր Հալէպի միջազգային օդակայան պիտի հասնին շտապ մարմինի մասնագիտական խումբը եւ մարդասիրական օժանդակութեան օդանաւը, երկրաշարժի ենթակայ շրջաններէն ներս փրկագործական աշխատանքին օժանդակելու եւ կարիքաւոր ժողովուրդին օգտակար դառնալու, այնպէս ինչպէս 1988-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին Սուրիոյ պետութիւնը իր մարդասիրական օժանդակութեամբ օգնութեան ձեռք երկարեց հայ ժողովուրդին։

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի պետութեան, որ պատրաստակամ կերպով օգնութեան ձեռք երկարող առաջին պետութիւններէն հանդիսացաւ, այս աղէտին իր օժանդակութիւնը բերելու առումով, եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, հայցելով, որ մարդասիրական եւ բարեսիրական բոլոր աշխատանքները լաւագոյն կերպով կատարուին, ի նպաստ եւ ի բարօրութիւն Սուրիոյ ժողովուրդին եւ մեր տագնապահար ու տուժող զաւակներուն։ Սրբազան Հայրը, համագործակցաբար եւ համատեղ ջանքերով ընթացող յառաջիկայ բոլոր ծրագիրներուն, աշխատանքներուն եւ ծառայութիւններուն հեզասահ գործընթաց եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց։