Չորեքշաբթի, 8 Փետրուար 2023-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի, զօրակցական այցելութիւններու շրջագիծէն ներս այցելութիւն տուաւ նաեւ Հայ Ծերանոցի տարեցներուն, որոնք եւս ապրեցան երկրաշարժի ահաւոր վայրկեանները։
Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ Հայ Ծերանոցի խնամակալութեան ատենապետ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեանի եւ Հայ Ծերանոցի տնօրէն Յակոբ Ալապոզանեանի կողմէ։

Մակար Սրբազան գօտեպնդեց տարեց հայրերն ու մայրերը եւ աղօթք բարձրացուց առ Ամենաբարին Աստուած, հայցելով, որ Տէրը իր նախախնամութեամբ անվտանգ պահէ եւ առողջութիւն պարգեւէ իրենց։ Սրբազան Հայրը Հայ Ծերանոցի խնամակալութեան եւ տնօրէնին տարած հոգատարութիւնը գնահատեց եւ առաւել ուժ եւ կորով մաղթեց անոնց։