Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ մինչեւ 8 Փետրուար 2023, Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն վնասուած դպրոցներուն թիւը հասաւ 248-ի, անոնցմէ 71-ը՝ Հալէպի, 50՝ Լաթաքիոյ, 27՝ Համայի, 99՝ Թարթուսի եւ դպրոց մը Իտլիպի մէջ։
Նախարարութիւնը 99 դպրոց յատկացուց որպէս ապաստան այն քաղաքացիներուն, որոնք իրենց բնակարանները կորսնցուցին երկրաշարժին հետեւանքով։ Դպրոցներուն մէջ ապաստան գտած են շուրջ 17. 000 քաղաքացիներ։ Անոնց կը տրամադրուի ուտեստեղէն, ջուր եւ վերմակներ։