ՀՀ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքը գրեթէ երկու ամիս փակ պահելուն հետեւանքով Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած մարդկային եւ ընկերային-տնտեսական ճգնաժամը, նշած է այն քայլերը, որոնք կ’իրականացուին Արցախի իշխանութիւններու կողմէն իրավիճակի յաղթահարումին համար։

Նախագահ Յարութիւնեան մեծ ցաւով ու ափսոսանքով անդրադարձած է Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին, Վեհափառէն հետաքրքրուած է տեղւոյն հայկական համայնքի որպիսութեամբ, արցախահայութեան զօրակցութիւնը փոխանցած է բնական աղէտէն տուժած հայ ընտանիքներուն:

Վեհափառ Հայրապետը իր աջակցութիւնը յայտնած է Արցախի ժողովուրդին, ընդգծած , որ ամէնօրեայ աղօթքներէն զատ կաթողիկոսարանը կը շարունակէ ջանքեր գործադրել արցախահայութեանը սատար դառնալու համար:

Արամ Առաջինը վստահութիւն յայտնած է, որ միայն անկոտրում կամքով եւ կուռ միասնութեամբ պիտի յաջողին յաղթահարել ծառացած մարտահրաւէրները եւ կանխել մարդկային աղէտը։