Հինգշաբթի, 9 Փետրուար 2023-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի, Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանի, ազգայիններու եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Գուրգէն Գալուստեանի, այցելեց երկրաշարժի հետեւանքով ֆիզիքական վնասներ կրած հայորդիներուն, «Ֆրիշօ» հիւանդանոցէն ներս։

Սրբազան Հայրը գօտեպնդեց հայորդիները, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց անոնց եւ աղօթք բարձրացուց առ Ամենաբարին Աստուած, հայցելով շուտափոյթ ապաքինում։