Լաթաքըոյ մէջ այսօր արձանագրուած յետցնցումնային երկրաշարժին հետեւանքով հայ ընտանիքները սկսած են ներկայանալ Ս. Աստուածածին եկեղեցի։
Թաղականութիւնը սրահը օժտած է բոլոր յարմարութիւններով, որպէսզի ընդունի հայ ընտանիքները։
Թաղականութիւնը կ՚արձանագրէ նաեւ հայ ընտանիքներու վնասուած բնակարանները, որպէսզի սերտուին բնակարանային վնասներն ու վերականգնումի աշխատանքները կատարուին, ինչպէս նաեւ ապաստարաններ տրամադրուին փլուզման վտանգի տակ գտնուող բնակարաններու տէրերուն։

Այսօր Հոմսի հարաւային գիւղէն սկաուտական պատուիրակութիւն մը վարդապետ Ապտալլա Քազահի ղեկավարութեամբ գիւղէն նուիրահաւաք կատարած եւ սննդամթերք ու հանդերձ հասցուցած են եկեղեցւոյ սրահ, նկատի առած որ Լաթաքիոյ բնակչութիւնը Հոմսի բպակչութեան չափ եւ շատ աւելի մեծ վնասներ կրած է։

Լաթաքիոյ մէջ երկրաշարժէն ետք կարգ մը շէնքեր փուլ կու գան։ Նման շէնքերու հայ ընտանիքները կը լքեն բնակարաններն ու կը ներկայանան իրենց հարազատներու մօտ կամ եկեղեցւոյ սրահ։