Արցախի Հանրապետութեան տեղեկատուական շտապը յայտարարած է հետեւեալը.
«Սուրիոյ մէջ 6 Փետրուարին տեղի ունեցած երկրաշարժը պատճառ դարձաւ մարդկային կորուստներու ու աւերածութիւններու, որոնցմէ զգալիօրէն տուժեց նաեւ տեղւոյն հայ համայնքը: Աշխարհի տարբեր ծագերուն մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն հայեացքը այժմ ուղղուած է երկրաշարժին հետեւանքով ծանր կացութեան մէջ յայտնուած Սուրիոյ հայկական համայնքին:

Հակառակ շրջափակման ծանր պայմաններուն, Արցախի Կառավարութիւնը գործակցելով Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի մասնաճիւղին հետ որոշում գոյացուցած է միանալու համահայկական օժանդակութեան աշխատանքներուն՝ կազմակերպելով դրամահաւաք: Զօրակցութիւն յայտնելով Սուրիոյ մէջ ապրող մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն՝ կոչ կ’ուղղենք Արցախի մէջ ապրող քաղաքացիներուն աշխուժօրէն մասնակցելու դրամահաւաքին եւ օգնութեան ձեռք մեկնելու բնական աղէտէն տուժած մեր հայրենակիցներուն:

Միայն մեր համազգային ամուր միասնականութեամբ ու իրարու սատար ըլլալու անկեղծ ջանքերով կարելի է յաղթահարել բնութեան արհաւիրքներն ու արհեստածին մարտահրաւէրները»: