Շաբաթ, 11 Փետրուար 2023-ի միջօրէին, Հայաստանէն ժամանած որոնողափրկարարական խումբը այցելեց Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի, աղօթելու եւ Սրբազան Հօր օրհնութիւնները ստանալու, գլխաւորութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական-Հիւպատոս մեծարգոյ Բաբգէն Պատալեանի։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց մարդասիրական առաքելութեամբ Հալէպ ժամանած որոնողափրկարարական խումբի անդամներուն, իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց անոնց եւ Ամենակալին պաշտպանութիւնը հայցեց։

Այնուհետեւ, խումբի մասնագէտները եկեղեցւոյ մէջ շրջագայելով ծանօթացան եկեղեցւոյ պատմականին եւ սրբապատկերներու պատմական արժէքին, ապա «Տէրունական Աղօթք»-ը արտասանեցին եւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով հայցեցին, որ իրենց առաքելութիւնը յաջողութեամբ ամբողջանայ։