«Արմէնփրէս»._Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրիոյ դեսպանատուն եւ գրառում կատարած է Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած եւ հազարաւոր զոհերու, վիրաւորներու եւ հսկայ աւերածութիւններու պատճառ դարձած երկրաշարժին առնչութեամբ բացուած սգոյ մատեանին մէջ։

Վահագն Խաչատուրեան գրած է.

«Իմ անկեղծ վշտակցութեան եւ զօրակցութեան խօսքերը կը յղեմ Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին, զոհուածներու ընտանիքներուն կը մաղթեմ տոկունութիւն եւ հոգիի արիութիւն, իսկ տուժածներուն՝ շուտափոյթ ապաքինում»:

Նախագահ Խաչատուրեան կարճատեւ զրոյց ունեցած է նաեւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Նորա Արիսեանին հետ: