Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Շաբաթ, 11 Փետրուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան որորողափրկարարական խումբի Հալէպ ժամանած մասնագէտները ժողովրդային հանդիպում-դասախօսութիւն ունեցան «Ինչպէ՞ս պաշտպանուիլ երկրաշարժէն եւ անոր հետեւանքներէն» խորագիրով, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս։

Տիկ. Զեփիւռ Րէիսեան բարի գալուստ մաղթելով ՀՀ որորողափրկարարական խումբի մասնագէտներուն, հրաւիրեց խումբի ներկայացուցիչները շահեկան դասախօսութեամբ երկրաշարժի հետեւանքներէն պաշպանուելու մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու եւ ժողովուրդի զաւակները լուսաբանելու։

Մասնագէտները պարզաբանելով երկրաշարժէն պաշտպանուելու ձեւերը, անհրաժեշտ նկատեցին խուճապի չմատնուիլ եւ որպէս ծնողքներ եւ մեծահասակներ խոհեմութեամբ վարուիլ երկրաշարժի պահուն։ Անոնք անդրադարձան շէնքերէն ապահով դուրս գալու յարմարութիւններուն։ Ապա, ներկաները տեսերիզի ցուցադրութեամբ լուսաբանութիւններ ստացան վերոյիշեալ նիւթին շուրջ։

Աւարտին, Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը, երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնելով մարդասիրական խումբի մասնագէտներուն, որոնք աչալուրջ ծառայութեամբ մեծ պատիւ եւ քաջալերանք ներշնչեցին սուրիացի քաղաքացիին եւ սուրիահայերուս։
Սրբազան Հայրը աղօթեց մասնագէտներուն պաշտպանութեան համար եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։