Ուրբաթ, 10 Փետրուար 2023-ին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ ժողովուրդին զօրակցող եւ արգելափակումները դատապարտող հաւաք մը, կազմակերպութեամբ Լիբանանի ազգային տեղեկատուական կառոյցին եւ իսլամ կրօնական հաստատութիւններուն: Հաւաքին ներկայ էին Լիբանանի կրօնական եւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, քաղաքական գործիչներ, ընկերային ծառայողներ եւ իսլամ կրօնական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, հաւաքին ներկայ գտնուեցան Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան եւ Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատէհճեան: Այս առիթով, Սարգիս Վրդ.ը արաբերէն լեզուով արտասանեց զօրակցական խօսք եւ ցաւակցութիւն յայտնեց երկրաշարժի զոհերու ընտանիքներուն ու շուտափոյթ ապաքինում՝ վիրաւորներուն: