Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայէտ ալ-Նահեանը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը՝ քննարկելու համար Սուրիան ցնցած երկրաշարժին վնասները։

Նախարարը փոխանցեց Էմիրութիւններու նախագահ Մուհամմէտ պըն Զայէտ ալ-Նահեանի, Էմիրութիւններու վարչապետի եւ Տուպայի ղեկավար Մուհամմէտ պըն Ռաշէտ ալ-Մաքթումի ցաւակցութիւնները նախագահ Ասատին՝ երկրաշարժի զոհերուն համար, շուտափոյթ ապաքինում մաղթեցին վիրաւորներուն եւ համբերութիւն՝ տուժածներուն, շեշտելով, որ Էմիրութիւններ պիտի շարունակէ օգնութեան ձեռք երկարել եւ զօրակցիլ Սուրիոյ ժողովուրդին։

Իր կարգին նախագահ Ասատ շնորհակալութիւն յայտնեց Էմիրութիւններու պետութեան, ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին՝ Սուրիոյ ժողովուրդին ցուցաբերած աջակցութեան, շեշտելով, որ Էմիրութիւնները առաջին պետութիւններէն էր, որ զօրավիգ կանգնեցաւ Սուրիոյ եւ մարդասիրական օգնութիւններ եւ փրկարարներու խմբակներ ուղարկեց։
Ան շեշտեց, որ Էմիրութիւններ մարդկային այս կեցուածքով անգամ մը եւ փաստեց երկու երկիրներու կայուն յարաբերութիւնը, ինչպէս նաեւ Էմիրութիւններու ժողովուրդի մարդասիրական սկզբունքները։