Ուրբաթ, 10 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Լաթաքիոյ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը և հոգեւոր հովիւներն ու պատասխանատուները իրենց համայնքներու հաւատացեալներով համախմբուեցան Լաթաքիոյ Լատինաց եկեղեցւոյ կամարներուն ներքոյ, միասնաբար աղօթելու բարձրեալին աշխարհի խաղաղութեան եւ ապահովութեան համար։
Հոգեւոր հայրերը կատարեցին հոգեւոր խորհրդածութիւններ, արտասանեցին աղօթքներ եւ Սաղմոսներ ընթերցեցին։

Լաթաքիոյ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ և ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ.Տ.Վազգէն Քհնյ.Քէօշկէրեան իր մասնակցութիւնը բերաւ ընթերցելով Սաղ.22 «Տէրը իմ հովիւս է»։

Կազմուեցաւ խառն երգչախումբ բոլոր համայնքներու եկեղեցական դպրաց դասերու ներկայացուցիչներով, Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասէն մասնակցութիւն բերաւ Քարէն Պետրոս Տէրմէնճեան, մեներգելով «Տէր Ողորմիա»-ն։