Սուրիան ցնցած երկրաշարժին հետեւանքով, ինչպէս Սուրիոյ ժողովուրդը այնպէս ալ սուրիահայութիւնը դէմ յանդիման գտնուեցաւ աննախադէպ աղէտի մը, որուն հետեւանքներուն լուծումները անյետաձգելի հրամայական դարձան։
Արդարեւ, Շաբաթ 11 Փետրուար 2023-ին, միջօրէի ժամը 12:00-ին, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի դիւանը հրաւիրեց Ազգ. Երեսփոխանական 173-րդ արտակարգ ժողովը, նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, քննելու աղէտին հետեւանքով յառաջացած իրավիճակը։
Ժողովին մասնակցեցան նաեւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհին, Բերիոյ Հայոց Թեմի «Գանձասար» պաշտօնաթերթի խմբագիրը եւ Թեմի Յարաբերական Մարմինէն անդամ մը։

Ժողովը ընթացք առաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով եւ Ս. Գրային ընթերցումով, եւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին զօրակցական նամակի ընթերցումով, որուն յաջորդեցին Ազգ. Վարչութեան եւ այլ զեկուցաբերներու կողմէ զեկոյցներ՝ երկրաշարժի պատճառով թեմիս տարածքին յառաջացած իրավիճակներուն եւ իրագործուած անմիջական աշխատանքներուն մասին:
Ժողովը քննարկեց ստեղծուած աղէտալի իրավիճակին բազմաբնոյթ կարիքները ու լիազօրեց Ազգ. Վարչութիւնը՝ անմիջապէս բաւարարելու անօթեւան ընտանիքներուն կարիքները, ինչպէս նաեւ սննդամթերքի եւ առողջապահական խնդիրներուն լուծումներու յաւելեալ միջոցներ որոնելու:

Երեսփոխանական ժողովը նաեւ յանձնարարեց Ազգային Վարչութեան իրականացնել ամբողջական տեղեկահաւաք՝ երկրաշարժի պատճառով ժողովուրդին մօտ տարաբնոյթ եւ նորաստեղծ կարիքները վաւերագրելու եւ ազգային կառոյցներու իրավիճակը ուսումնասիրելու, յառաջացնելով համապատասխան մարմիններ, որոնք պիտի մշակեն ծրագիրներ եւ ապահովեն նիւթական միջոցներ, օգտուելով Սուրիոյ, Սփիւռքի, Հայաստանի Հանրապետութեան, միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ այլ կողմերու ընձեռած հնարաւորութիւններէն:

Ժողովը շեշտադրեց տարուած բոլոր աշխատանքներուն մասին մեր մամուլով շարունակել առարկայական լրատուութիւնը՝ ժողովուրդը իրազեկ դարձնելու մարդասիրական լայնամաշտապ, բազմաբնոյթ եւ ծաւալուն աշխատանքներուն:
Անդրադառնալով Սուրիական Հայրենիքին վրայ պարտադրուած պատժամիջոցներուն՝ ժողովս հաստատեց թէ հարկ է անյապաղ կոչ ուղղել՝ վերացնելու այդ պատժամիջոցները, որոնք անմարդկայնօրէն կը սաստկացնեն աղէտին գործած աւերը:
Ժողովս շնորհակալական խօսք արձանագրեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Սուրիոյ Վսեմաշուք Նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին եւ բոլոր այն կողմերուն ու ազգի կամաւոր զաւակներուն եւ երիտասարդներուն, որոնք աղէտի առաջին ժամերէն իսկ զօրակցեցան ժողովուրդին եւ անոր ցաւը թեթեւցուցին:

Դիւան
Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի