ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի աշխատանքներուն հետեւանքով 21_24 փետրուարին փաստահաւաքի առաքելութեամբ Հայաստան պիտի այցելեն Եւրոպական Խորհրդարանի ֆրանսացի պատգամաւորներ, Եւրոպական Խորհուրդի մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի համանախագահներ Սիլվի Կիյոմ եւ Ֆրանսուա Ալֆոնսին, ինչպէս նաեւ հունկարացի խորհրդարանական, Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի անդամ Աթիլա Արա-Քովաչ։ Պատուիրակութեան Հայաստանի մէջ պիտի ուղեկցին ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, գրասենեակի տնօրէն Հեղինէ Էւինեան եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան։

Յիշեցնենք, որ նոյնաբովանդակ այցելութեամբ Եւրոխորհրդարանի մէկ այլ պատուիրակութիւն Հայաստան այցելած էր 31 Հոկտեմբեր 2022_էն 4 Նոյեմբեր, որուն անդամները կարեւոր դերակատարում ունեցան անցած ամիսներու ընթացքին Եւրոպական Խորհրդարանի մէջ՝ Հայաստանին վերաբերող քննարկումներուն եւ փաստաթուղթերու ընդունման համար։Յատկապէս յիշատակման արժանի է Եւրոպական Միութեան ընդհանուր պաշտպանական եւ արտաքին քաղաքականութեան զեկոյցը, «Լեռնային Ղարաբաղի Շրջափակման Մարդկային Հետեւանքները» վերտառութեամբ բանաձեւը եւ Եւրոպական Միութեան Հայաստան յարաբերութիւններու 2021-2022թթ․ զեկոյցը, որոնց մէջ Եւրոպական Խորհրդարանի՝ Հայաստանին ու Արցախին վերաբերող քաղաքական դիրքորոշումները գրեթէ լիովին համահունչ են ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու պատկերացումներուն։

Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորներու յառաջիկայի այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են հանդիպումներ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, ՀՀ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեան, քաղաքական ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին հետ։ Առանձին հանդիպում նախատեսուած է նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ։

22 Փետրուարին նախատեսուած է պատուիրակութեան այցելութիւնը Սիւնիք, հանդիպում տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ, այցելութիւն ատրպէյճանական վերջին յարձակումէն տուժած բնակավայրեր եւ հանդիպում քաղաքացիական բնակչութեան հետ։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
20.02.2023